Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլանտա Պիտի Աջակցի Լիբանանին` Քաղաքական Թէ Առեւտրական Առումով

Մայիս 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Pr-Minister-Tammam-Salam-Meets-Holland-Pr-Minister-42

Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռոթէ երէկ կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան, ուր վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ այլ ղեկավարներու հետ խորհրդակցելէ ետք այցելեց նաեւ Սայտայի շրջանը: Խորհրդակցութեանց աւարտին մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տալով վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Հոլանտայի իր պաշտօնակիցին հետ քննած է երկրին հրատապ հարցերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան դիմակալման միջոցառումներուն, մասնաւորաբար  լիբանանեան բանակի զինման քայլերուն: «Քննեցինք նաեւ սուրիացի գաղթականներու իրավիճակը եւ այս գծով Լիբանանի դիմակալած ընկերային թէ տնտեսական հետեւանքները», շեշտեց Սալամ:

Իր կարգին, Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռոթէ բարձր գնահատեց Լիբանանի «հիւրընկալման» իրագործումը սուրիացի գաղթականներուն, որոնց թիւը աւելի քան մէկուկէս միլիոնի հասած են: Ան յայտնեց, որ Հոլանտա կարելի բոլոր միջոցներով պիտի օժանդակէ Լիբանանին, յատկապէս երկրագործական ու առեւտրական առումով թեթեւցնելու համար գաղթականներու բեռը: Հոլանտայի վարչապետը նաեւ վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ անոր պահապան բանակին` խոստանալով զինական կազմածներով օժտել լիբանանեան բանակը: «Գաղթականներու հարցին գծով ցարդ յատկացուցած ենք 110 միլիոն եւրօ, այսօր ալ յաւելեալ 80 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրենք», ընդգծեց Հոլանտայի վարչապետը:

Այս առիթով նաեւ կնքուեցան լիբանանեան եւ հոլանտական առեւտրական թէ երկրագործական պատկան մարմիններուն միջեւ առեւտրական փրոթոքոլներ, որոնք զգալիօրէն պիտի նպաստեն այս մարզերու աշխուժացման եւ բարգաւաճման:

 

 

Նախորդը

Ընտրական Օրէնքի 17 Առաջարկներու Քննարկման Նիստը Պիտի Շարունակուի Յառաջիկայ Երկուշաբթի

Յաջորդը

Քաղաքական-Դիւանագիտական Խորհրդակցութիւններուն Զուգահեռ Ընտրական Նախաձեռնութիւնները` Նախաքայլ Սահմանադրական Կառոյցներու Վերաշխուժացման

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?