Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ-Լիբանանեան Միջկառավարական Յանձնախումբի Երկրորդ Նիստը Պիտի Գումարուի Պէյրութի Մէջ

May 10, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pr-Minister-Tammam-Salam-Meets-Armenian-Ambassador

Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Նշանակուած
Դեսպան  Սամուէլ Մկրտչեան  Հանդիպում  Ունեցաւ
Վարչապետ  Թամմամ Սալամի Հետ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան անցեալ շաբաթավերջին հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Ծանօթացման այս հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Սալամ շնորհաւորեց դեսպան Մկրտչեանը` արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթելով երկկողմանի յարաբերութեանց զարգացման ու ամրապնդման մարզին մէջ:

Իր կարգին, դեսպան Մկրտչեան մեկնելով  Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններէն, անհրաժեշտ նկատեց զարկ տալ երկկողմանի  առեւտրատնտեսական կապերուն: Այս առիթով քննարկուեցան երկու երկիրներու վարչապետներու մակարդակով փոխադարձ այցելութեան, ինչպէս նաեւ հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնախումբի 2-րդ նիստը Պէյրութի մէջ գումարելու կարելիութիւնները:

Խորհրդակցութիւնները անդրադարձան նաեւ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն օգտուելով Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու հեռանկարներուն:

Այս առիթով բարձր գնահատուեցաւ լիբանանահայութեան աշխուժ դերակատարութիւնը` Լիբանանի զարգացման եւ երկկողմանի յարաբերութեանց ամրապնդման առումով: Դեսպան Մկրտչեան վարչապետ Սալամին գաղափար մը   փոխանցեց  Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ նախատեսուող բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն կազմակերպման մասին:

Նաեւ` Աշխատանքի Նախարար
Սըժաան Քազզիի Հետ

Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նախարար Քազզիի մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ անցնող 23 ապրիլին գումարուած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան միջազգային երկրորդ համաժողով»-ին եւ այս առիթով նախարար Քազզիի ունեցած հանդիպումներուն` Հայաստանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:

Դեսպան Մկրտչեան նախարար Քազզիի հետ քննեց նաեւ երկու երկիրներու աշխատուժին համար ձեռնտու աշխատանքներու եւ շուկաներու ստեղծման ու ընդլայնման կարելիութիւններն ու հեռանկարները:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Բրիտանիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.