Այնճարի Թաղապետները` Արդէն Ընտրուած
Յառաջիկայ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ծիրին մէջ երէկ յայտնի դարձաւ, որ Այնճար հայաւանի թաղապետերու ընտրութիւններուն համար ՀՅԴ-ի առաջադրած բոլոր թեկնածուները արդէն իսկ ընտրուած են` մրցակիցի չգոյութեան պատճառով: Ընտրուած թաղապետներն են` Եողուն Օլուք գիւղ` Յարութ Պետրոս Լաքիսեան Պիթիաս գիւղ` Մովսէս Յովհաննէս Չափարեան Վագըֆ գիւղ` Սերոբ Եսայի Սըգայեան Հաճի Հէպէպլի գիւղ` Պարոյր Սիմոն Տուտագլեան Քէպուսիէ գիւղ` Սարգիս Յակոբ Էքիզեան Խտըրպէկ գիւղ` Վազգէն...



















