
5 մայիս 2016-ին «Լիպան փոսթ» շրջանառութեան մէջ դրած է Լիբանանի Նահատակաց օրուան նուիրուած դրոշմաթուղթը: Երկու հազար լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ վեց հարիւր օրինակներով շուկայ «իջած» այս դրոշմաթուղթը կարելի է գտնել բոլոր նամակատուներուն մօտ: Այս դրոշմաթուղթին նկարով հրապարակուած է նաեւ նամակի պահարան:


