
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը վաղը` շաբաթ, 7 մայիսին քառօրեայ այցելութեամբ պիտի մեկնի Ֆրանսա, ուր տեսակցութիւններ պիտի ունենայ ֆրանսացի քաղաքական թէ հոգեւոր վարիչներուն հետ:
Այս առիթով Ռայի պատրիարքը պիտի արտասանէ խօսք մը, ուր ան պիտի անդրադառնայ «Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակ»-ին:
Միւս կողմէ Հըզպալլայի հոգեւոր պատասխանատուներէն Մոհամետ Եազպեք հանդիպում մը ունեցաւ Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Անոնք միասնաբար քննեցին երկրի ընդհանուր իրավիճակը:
Այս առիթով Եազպեք ցաւ յայտնեց մօտիկ անցեալին Տէյր Ահմարի մէջ Ֆախրի ամոլի սպանութեան համար:
Ըստ հանդիպումին մասնակիցներուն, միջլիբանանեան համակեցութիւնը առանցքը կազմեց խորհրդակցութեանց:


