
«2016-ի քաղաքապետական շարժումի արշաւ» կարգախօսով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան զեկուցեց ցարդ իր կատարած քայլերն ու որդեգրած միջոցառումները քաղաքապետական ընտրութեանց բարեյաջող կայացման գծով: «Տասնամեակներէ ի վեր կարեւորագոյն իրագործումը նկատուող այս ընտրութիւնները կու գան վերաշխուժացնելու երկրին ժողովրդավարական վարչակարգը», շեշտեց նախարար Մաշնուք` նշելով, որ ցարդ իր գումարած ապահովական կեդրոնական արտակարգ ժողովին թէ վարչական նիստին ընթացքին նկատի առնուած են ընտրութեան շրջաններու իրավիճակն ու բոլոր տուեալները, ներառեալ զգայուն այն շրջանները, ուր խնդրայարոյց պարագաներ կրնան ըլլալ: Այս վերջիններուն գծով խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին ընտրութիւնները կայացնելու թէ յետաձգելու ընտրանքին գծով` լուսաբանեց Մաշնուք լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով: Ան հաստատեց, որ ամէն ճիգ ի գործ դրուած է առաւելագոյն յաջողութեամբ իրականացնելու այս ընտրութիւնները եւ առ այդ աւելի քան քսան հազար զինուորական թէ ապահովական տարրեր նկատի առնուած են ընտրութիւներու բարեյաջող երթին հսկելու համար:


