ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիները իրաւունք ունին Լիբանանի խորհրդարանին մէջ ներկայացուելու: «Արդեօք շատ բան պահանջա՞ծ կ՛ըլլանք, եթէ անոնց համար 6 ներկայացուցիչ պահանջենք», հարց տուաւ ան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` իրենց ջանքերը միացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կերտել փայլուն ապագայ մը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի Պաալպեքի եւ Սուրի մէջ գտնուող հնութիւններու վերանորոգման աշխատանքներուն սկիզբը յայտարարեց:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ նախարարութեան եւ անոր հաստատութիւններուն նպատակը օրէնքին եւ պետութեան պաշտպանութիւնն է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ղազի Արիտի կոչ ուղղեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած մրցակցութիւնը ըլլայ ի նպաստ շրջաններու բարգաւաճման:
ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու Մուրապիթուն շարժումը ողջունեց Արսալի ընտրութիւնները` հաստատելով, որ Արսալ իր պատկանելիութիւնը արդէն իսկ ճշդած է եւ դուրս ելած վարձկաններուն պարտադրած աղաւաղումներէն:


