Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական-Դիւանագիտական Խորհրդակցութիւններուն Զուգահեռ Ընտրական Նախաձեռնութիւնները` Նախաքայլ Սահմանադրական Կառոյցներու Վերաշխուժացման

Մայիս 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pr Minister Tammam Salam Meets Holland Pr Minister 2

Վերջին օրերու տօնական արձակուրդները արգելք չեղան քաղաքական հանդիպումներու աշխուժացման, տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ:

Արդարեւ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի այցելութենէն ետք Հոլանտայի վարչապետին կարճատեւ այցելութիւնը երէկ եւ առեւտրական պիտակով ունեցած խորհրդակցութիւնները վարչապետ Սալամի հետ ու մօտերս Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի Լիբանան այցելութեան լուրը, այս բոլորը դիւանագիտական ու քաղաքական որոշ աշխուժութիւն կը ցոլացնեն, ինչ որ անպայման իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ: Այս հաւանականութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի, երբ ի մտի ունենանք շրջանային թէ միջազգային առնչակից երկիրներու յանձնառութեան խոստումը` Լիբանանը զերծ պահելու իր շրջակայքի «հրդեհներէն»: Քաղաքական այս քայլերուն զուգահեռ ուշագրաւ էր նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերջին շրջանին ձեռնարկած խորհրդակցութիւնները Մոսկուայէն մինչեւ Անգարա: Երեւութապէս տարբեր շարժառիթներով ու նպատակներով կատարուած այդ այցելութիւնները «ժընեւեան» հանդիպումներու մանրանկարներ են, որոնք վստահաբար քննադատութենէ զերծ չեն: Փաստօրէն լիբանանեան մէկէ աւելի կողմեր վերապահ ու հարցական, չըսելու համար քննադատական մօտեցումով հետեւեցան Հարիրիի  վերջին քայլերուն, ըլլայ անոնց թուականի զուգադիպումին` «թայմինկ»-ին, արծարծած նիւթերու բնոյթին (Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններ) թէ «ձեռք ձգած» արդինքներուն (Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի Լիբանան մօտալուտ այցելութեան լուրը) իմաստով: Քաղաքական մեկնաբաններ անիմաստ կամ ապարդիւն կը գտնեն նման այցելութիւններ` իբրեւ օրինակ նշելով Ֆրանսայի նախագահին այցելութիւնը, որ ըստ նոյն աղբիւրներուն, «խոստումներու սահմանը չանցաւ»:

Նոյնքան ուշագրաւ էր երէկ Ծոցի թէ արաբական երկիրներու դեսպաններու Պքերքէ այցելութիւնը եւ Պշարա Ռայի պատրիարքին վճռական կեցուածքը` Լիբանանի հրատապ հարցերու (սուրիացի գաղթականներու հոսքը, Սուրիոյ պատերազմական վիճակի ժխտական անդրադարձը Լիբանանի վրայ…) անմիջական լուծման գծով:

Նաեւ` Ընտրական Մակարդակի Վրայ

Քաղաքական-դիւանագիտական այս քայլերուն զուգահեռ ընտրական «մայիսեան» իրագործումը եւ զայն կանխած` երէկ ընտրական օրէնքի փոփոխութեան գծով խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստը երէկ, կու գան որոշ լաւատեսութիւն ներշնչելու` սահմանադրական կառոյցներու վերաշխուժացման գծով :

Իսկ լիբանանցիք, անկախ այդ քայլերուն ստանալիք դրական թէ բացասական ընթացքէն, կը սպասեն անոնց արդիւնաւէտութեան, յատկապէս` նախագահական թափուր աթոռը լեցնելու գծով, որ կրնայ դուռը լայն բանալ եւ ձիւնագնդակի նման ուռճացնել սահմանադրական այնքա՜ն սպասուող քայլերու «պտուղ»-ները:

Նախորդը

Հոլանտա Պիտի Աջակցի Լիբանանին` Քաղաքական Թէ Առեւտրական Առումով

Յաջորդը

Լեւոն Տէր Պետրոսեան. «Հայաստանի Եւ Արցախի Իշխանութիւնները Կը Գործեն Հաստատակամ Ու Վստահ»

RelatedPosts

Հարաւային Լիբանանի Վրայ  Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներ
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակումներ

Դեկտեմբեր 13, 2025
ՌաժԺի. «Մեզի Արաբական Եւ Միջազգային Կողմերէ  Զգուշացումներ Հասան, Թէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ  Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութեան Պատրաստուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

ՌաժԺի. «Մեզի Արաբական Եւ Միջազգային Կողմերէ Զգուշացումներ Հասան, Թէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ Զինուորական Լայնածաւալ Գործողութեան Պատրաստուած Է»

Դեկտեմբեր 13, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մաքասետ»-ի  Պատուիրակութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մաքասետ»-ի Պատուիրակութիւնը

Դեկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?