Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը. «Օժերօ»-ի Եւ Պետական Անվտանգութեան Տարրական Հարցերու Քննարկումը Յետաձգուեցաւ

May 6, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

mc_50516

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց իր ընթացիկ նիստը եւ քննեց օրակարգի վրայ եղող 150 կէտ: Նախքան նիստին բացումը, վարչապետ Թամմամ Սալամ դարձեալ յիշեցուց նախագահական թափուր աթոռի հարցը` հրամայական պահանջ նկատելով այս ընտրական «թնճուկ»-ին անյապաղ լուծումը:

Մինչեւ ուշ երեկոյ տեւած կառավարութեան այս նիստին  արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ առաջարկեց «Օժերօ»-ի հարցը եւս քննել կառավարութեան այս նիստին: Սակայն հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի առարկութեան պատճառով այս հարցին քննարկումը առկախուեցաւ, ինչ որ լարուած մթնոլորտ ստեղծեց երկու նախարարներուն միջեւ: Աւելի ուշ պատկերասփիւռի «Մանար» կայանը հաղորդեց, որ նախարար Պասիլ  ընդվզած մեկնած է ժողովասրահէն, այլ ժամադրութեան մը պատճառաբանութեամբ: Նմանապէս ապօրինի համացանցի գայթակղութեան գծով քննարկում տեղի չունեցաւ` տրուած ըլլալով, որ խնդրոյ առարկայ անձնաւորութիւնները բացակայ են: Այս գծով  նախարար Հարպ «լուսաբանեց», թէ այս հարցով կասկածելի նկատուող պատասխանատուներէն Ապտել Մենհեմ Եուսեֆ առողջական պատճառներով երկրէն դուրս մեկնած է:

Պետական անվտանգութեան կառոյցի հարցին գծով  լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժըրէյժ յայտարարեց, որ այդ հարցը  վարչապետ Սալամին վստահուած է, որ տակաւին ժամանակի պէտք ունի, գէթ երկու շաբթուան, այս գծով պատկերացում մը փոխանցելու համար: Այս առիթով նախարար Ժըրէյժ  իր գոհունակութիւնը յայտնեց Պետական անվտանգութեան կառոյցի ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Քարաայի  նախանցեալ օր ապահովական արտակարգ նիստին մասնակցութեան գծով:

Երկարատեւ քննարկումներէ ետք ժողովականները արծարծուած հարցերուն գծով տուին համապատասխան որոշումներ:

 

Նախորդը

Գասարճի Խստիւ Կը Դատապարտէ Զահլէի Չորս Հազար Հայութեան Լուսանցքայնացումը

Յաջորդը

Շրջանառութեան Մէջ Դրուած Է Լիբանանի Նահատակներու 100-Ամեակին Առիթով Դրոշմաթուղթ Մը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.