Պըրրի Լիբանանեան-Արժանթինեան Յարաբերութիւնները Քննարկեց Մալքորայի Հետ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Սուզանա Մապել Մալքորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-արժանթինեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Միկել Անխել Մորաթինոս, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:


















