
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Սուզանա Մապել Մալքորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-արժանթինեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Միկել Անխել Մորաթինոս, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան-սպանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:


