Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնալիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Արդիւնքները Պաշտօնապէս Հրապարակուեցան

Մայիս 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

mashnouk15052016

Ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն (www.interior.gov.lb) հրապարակեց Լեռնալիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն վերջնական եւ պաշտօնական արդիւնքները:

Նախարարութեան հրապարակած արդիւնքներուն համաձայն, Լեռնալիբանանի մէջ ամէնէն սուր ընտրապայքարը վկայած շրջանին` Ժունիէի մէջ, ուր կը մրցակցէին երկու հիմնական ընտրացանկեր, յաղթանակ արձանագրած է «Ժունիէի արժանապատուութիւն» ընտրացանկը, զոր կը գլխաւորէ Ժոան Հպէյշ:

Սակայն պէտք է նշել, որ այդ ընտրացանկը ամբողջութեամբ չէ յաջողած, այլ անոր մրցակից «Ժունիէի վերանորոգում» ընտրացանկէն չորս թեկնածուներ` Ֆատի Ֆայեատ, Ռոտրիկ Ֆընիանոս, Ֆուատ Պուարի եւ Սիլվիօ Շիհա կրցած են իրենց կարգին յաջողութիւն արձանագրել:

Արդիւնքները ցոյց տուին նաեւ, որ մինչ Շուֆի մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը փաստեց իր զօրութիւնը, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը յաղթեց Տամուրի մէջ, իսկ Տէյր Քամարի մէջ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն դժուարութիւն ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր, Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն դէմ մղած իր ընտրապայքարին մէջ:

Իսկ Միշել Մըր դարձեալ յաղթանակ արձանագրեց հիւսիսային Մեթնի մէջ, այսինքն` Տըքուանէ, Սին էլ Ֆիլ, Անթիլիաս, Տըպպայէ, Ժալ էլ Տիպ, Զալքա, Պթըղրին եւ Պիսքանթա շրջաններուն մէջ:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ անդրադառնալով ընտրութիւններուն գնահատեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի ի գործ դրած ջանքերը` ընդգծելով, որ հակառակ արձանագրուած բողոքներուն, ընտրութիւնները յաջողութեամբ կ՛ընթանան:

Ան մաղթեց, որ քաղաքապետական մակարդակէն բացի ընտրութիւններ կատարուին նաեւ երեսփոխանական եւ նախագահական մակարդակներուն վրայ:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Մալքորայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Արժանթինեան Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Հայաստանի Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Ծանօթացման Հանդիպում Մը Ունեցաւ Քաաքիի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?