Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան հսկող ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Թերի Ռոտ Լարսըն, որ վերջերս ժամանակաւորապէս իր հրաժարականը ներկայացուցած էր, զգուշացուց, որ Հըզպալլայի ներգրաւումը Սուրիոյ պատերազմին եւ վերջերս նաեւ Իրաքի պատերազմին մէջ, Լիբանանի մէջ համայնքային գրգռութիւններ կը հրահրէ:
Լարսըն իր ներկայացուցած վերջին տեղեկագիրին մէջ շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա կը գտնուին Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ: