Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլա երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երկու պետերուն հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մասնակցող իտալական ջոկատին կեդրոնը:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Մաթարելլան դիմաւորեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթիի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն անդամ սպաներու:
Մաթարելլա օդակայանէն զինուորական ուղղաթիռով փոխադրուեցաւ հարաւային Լիբանան:
Մաթարելլայի կ՛ընկերակցէին Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթա Պենոթթի եւ Իտալիոյ բանակի հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանօ:
Հարաւային Լիբանանէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադառնալէ ետք, օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն ընթացքին Մաթարելլա շեշտեց, որ ինք ստուգած է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մասնակցող իտալական զօրամասին կեդրոնը: Ան նշեց, որ ինք ուրախ է, որ կը գտնուի բարեկամ Լիբանանի մէջ, ուր գոյութիւն ունի ազգային համակեցութիւն` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ Լիբանան ժողովրդավարութեան օրինակելի տիպարն է:
Մաթարելլա շեշտեց, որ Լիբանան պիտի կարենայ շրջանցել իր դժուարութիւնները` աւելցնելով, որ ինք գրեթէ վստահ է, որ լիբանանցիները ի վերջոյ պիտի կարենան ընտրել իրենց հանրապետութեան նախագահը:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Իտալիոյ նախագահը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետարանին մէջ Մաթարելլա եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ընդունուեցան վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մուքպել եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւններուն հեզասահ ընթացքը պահպանելու կարեւորութիւնը` զինուորական օժանդակութեան թէ առեւտուրի մարզերուն մէջ փոխանակում կատարելու իմաստով:
Վարչապետ Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց Մաթարելլայի` Իտալիոյ կողմէ Լիբանանի մէջ իրականացուող բարգաւաճման տարբեր ծրագիրներուն եւ գաղթականներուն օժանդակութեան համար:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատրաստ է զօրակցելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին անդամակցելու իմաստով Իտալիոյ թեկնածութեան:
Իր կարգին, Մաթարելլա շեշտեց, որ Իտալիա կը զօրակցի Լիբանանին եւ զայն կը նկատէ օրինակելի երկիր մը, որ հակառակ Միջին Արեւելքի մէջ արիւնալի բախումներուն, տակաւին կը պահպանէ իր ազգային միասնականութիւնը: Ան բարձր գնահատեց սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու առումով Լիբանանի զոհողութիւնները` ընդգծելով, որ Իտալիա Եւրոպական Միութենէն պիտի պահանջէ յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրել Լիբանանին, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցնել` լուծելու համար Սուրիոյ տագնապը:
Մաթարելլա ընդգծեց նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ Մաթարելլա մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, ապա վերադարձաւ Իտալիա: