ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ կողմնացոյցը պէտք է մնայուն կերպով Իսրայէլի դէմ ուղղել, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանին դիմագրաւած հարցերուն լուծումը ապահովել:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Լեռնալիբանանի մէջ կրցած է պահպանել քրիստոնեայ համայնքին հետ հաշտութիւնը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆուատ Սաատ շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը կը մնայ լաւագոյնը եւ ամէնէն իրապաշտը, եթէ զայն բաղդատելու ըլլանք առաջարկուած մնացեալ օրէնքներուն հետ:
ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը ամրապնդելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը հեռու պահել հաւատադրժողական սադրանքներէն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ Թրիփոլիի բժիշկներու սենտիքայի ընտրութիւններուն ընթացքին Օմար Այյաշի արձանագրած յաղթանակը ամբողջ Թրիփոլիին յաղթանակն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ «Ժունիէի արժանապատուութիւն» ընտրացանկը ի նպաստ Ժունիէի շահերուն է, որովհետեւ անոր կազմին մէջ բազմազանութիւն կայ:


