Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Մալքորայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Արժանթինեան Յարաբերութիւնները

May 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_malcora_51616

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Սուզանա Մապել Մալքորան` ներկայութեամբ Արժանթինի մէջ Լիբանանի դեսպան Անթոնիօ Անտարիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-արժանթինեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իր կարգին ընդունեց արժանթինցի իր պաշտօնակիցը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները,  շրջանին մէջ տիրող իրավիճակը եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ վերահաստատեց Լիբանանի կեցուածքը, որուն համաձայն, Սուրիոյ տագնապին միակ լուծումը քաղաքական լուծումն է, որ կը նպաստէ Սուրիոյ միասնականութեան պահպանումին:

«Մենք համոզուած ենք, որ սուրիացի գաղթականները պիտի վերադառնան իրենց երկիրը` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ բնակեցումը սահմանադրական առումով արգիլուած է», շեշտեց ան եւ կոչ ուղղեց Արժանթինի եւ միջազգային ընտանիքին մաս կազմող Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն նպաստելու լիբանանեան տեսակէտին:

Պասիլ կոչ ուղղեց պահպանելու լիբանանեան իւրայատկութիւնը, որ հիմնուած է իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ հաւասարութեան վրայ:

Իր կարգին, Մալքորա շեշտեց, որ Լիբանան եւ Արժանթին գործընկերներ են եւ անոնք շարք մը հասարակ յայտարարներ ունին, հետեւաբար մենք պէտք է երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւենք եւ զանոնք ամրապնդենք:

Մալքորա ընդգծեց, որ Լիբանան շրջանին գլխաւոր մուտքն է` աւելցնելով, որ իրենք միասնաբար կը գործեն` իրականացնելու համար կարգ մը ծրագիրներ:

Միւս կողմէ, ան ողջունեց Լիբանանին օժանդակութիւններ ներկայացնող մարդկային իրաւունքներու միութիւնները` անհրաժեշտ նկատելով Սուրիոյ պատերազմին դրդապատճառներուն վերացումը:

Մալքորա ընդգծեց ապահով Սուրիա մը կառուցելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով նաեւ Սուրիոյ մէջ ազգային միասնականութիւնը եւ խաղաղութիւնը վերահաստատելու անհրաժեշտութիւնը: «Սուրիոյ տագնապը կը սպառնայ ամբողջ աշխարհին», շեշտեց Մալքորա:

 

Նախորդը

Պըրրի Ֆրանսայի Դեսպանին Եւ Քաակի Հետ Քննարկեց Երկրին Քաղաքական Իրավիճակը

Յաջորդը

Լեռնալիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Արդիւնքները Պաշտօնապէս Հրապարակուեցան

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.