
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը` ներկայութեամբ Մահմուտ Պըրրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պոն շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Լիբանանին օժանդակելու եւ երկրին քաղաքական տագնապը լուծելու կարելիութիւնները:
Պոն վերահաստատեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կեցուածքը, որուն համաձայն, պէտք է համախոհական բոլոր քայլերուն դիմել` ընտրելու համար Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը:
Պոն յայտնեց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է 27 մայիսին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Լիբանանի կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի:


