Զօր. Քահուաժի Թուրքիոյ Դեսպանատան Զինուորական Կցորդին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Էրճան Այայտընը: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը: Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ զօրավար Ճոզըֆ Ռենքի եւ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ռիչըրտ Քուիրքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միացեալ նահանգներու եւ Լիբանանի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու...


















