«2015-2016 Կրթական Տարեշրջանը Պիտի Սկսի Ատհայի Տօնէն Ետք» Ըսաւ Ապու Սաապ
Էլիաս Ապու Սաապ Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ 2015-2016 կրթական տարեշրջանը պիտի սկսի Ատհայի տօնէն ետք` 5 հոկտեմբերին, աւելցնելով, որ դպրոցներուն մեծամասնութիւնը համաձայն է այդ թուականին: Ապու Սաապ շեշտեց, որ բոլոր դպրոցներուն պարագային աւանդական կաւիճի եւ գրատախտակի օգտագործումի ձեւը փոխելու ջանքեր ի գործ կը դրուին, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տարուի դպրոցներուն մէջ ըմպելի ջուրը բարելաւելու...
 
			

















