Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. Լիբանանեան Ճարտարարուեստի Ազգային Օրուան Պաշտօնական Նշում

Յունիս 3, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Salam_industrial_conference_60216

Վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահութեամբ երէկ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին նշուեցաւ Լիբանանեան ճարտարարուեստի ազգային օրը:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ:

Հաժ Հասան իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան իր առեւտրական յարաբերութիւնները ոչ մէկ երկրի կամ պետութեան հետ կը փափաքի խզել: «Մենք տարբեր պետութիւններէ կը խնդրենք Լիբանանի նկատմամբ որդեգրել նոր քաղաքականութիւն մը, որուն հիման վրայ լիբանանեան արտադրութիւններու ներածումին նախընտրութիւն կը կատարուի` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան արտադրութիւնները կ՛ամբողջացնեն միջազգային եւ յատկապէս եւրոպական չափանիշները:

«Լիբանանի արտածած արտադրութիւններուն արձանագրելիք աճէն եւ անոր գործարաններուն աշխատանքէն, ինչպէս նաեւ նոր գործարաններու հիմնումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ լիբանանցի աշխատաւորներուն թիւը աւելցնել», ըսաւ ան:

Իր կարգին, վարչապետ Սալամ յայտնեց. «Որքան որ կը փափաքինք լիբանանեան արտադրութիւնները բարելաւել եւ երկրին ճարտարարուեստի մարզին մէջ աճ արձանագրել, որպէսզի ինքնաբերաբար երկրին տնտեսութիւնը բարգաւաճի, նոյնքան ալ կը փափաքինք, որ Լիբանանի ուժն ու դիմադրողականութիւնը ամրապնդուին` նկատի ունենալով մեզ շրջապատող պայմանները»:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանան զինք շրջապատող այս կացութիւնը կը հանդուրժէ լիբանանեան միասնականութեամբ եւ փայլուն ապագայ մը կերտելու միացեալ տեսլականի գոյութեամբ:

«Ես անձամբ կը ձգտիմ ճարտարարուեստի ազգային տօնի մը, որ պիտի իրականանայ,  երբ լիբանանեան արտադրութեամբ հանրապետութեան նախագահ մը կարելի ըլլայ ընտրել», շեշտեց Սալամ:

Ձեռնարկին աւարտին լիբանանցի գործարարներ վարչապետ Սալամի նուիրեցին յուշանուէր մը` գնահատելով լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին անոր զօրակցութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը` ընկերակցութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի, նահանգապետներուն, ընդհանուր տնօրէններուն, սպաներուն եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն էր վարչապետ Սալամին շնորհակալութիւն յայտնել` քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքին անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

«Մենք վարչապետին հաստատեցինք նաեւ, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը կազմ ու պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու», ըսաւ Մաշնուք` բարձր գնահատելով լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Մաշնուք ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանեան վարչակարգը հեզասահ կերպով կը գործէ միայն հանրապետութեան նախագահին ներկայութեան:

 

Նախորդը

Բանակը Աքքարի Մէջ Գործադրեց Զինուորական Որակական Գործողութիւն Մը

Յաջորդը

Պըրրի 23 Յունիսը Նշանակեց Նախագահական Ընտրութեան Յաջորդ Նիստի Թուական

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?