Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մաղթեց, որ ռամատան ամիսը ըլլայ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու սկիզբ մը:

ԻՐԱՆԻ յեղափոխական բանակի նախկին հրամանատար Մուհսեն Ռիտայի շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանէն առեւանգուած իրանցի դիւանագէտները ողջ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, կը նախատեսուի, որ հինգշաբթի, 9 յունիս 2016-էն սկսեալ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ռամատանի իֆթարներուն ընթացքին համախմբելու խորագիրը կրող ճառեր արտասանէ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրակաշառքը հասաւ 72 միլիոն տոլարի:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ կենսոլորտի նախարարութիւնը չի կրնար կասեցնել Ժաննէի ջրամբարին աշխատանքները:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի հաստատեց, որ եթէ Ժաննէի ջրամբարին կառուցման քննարկումը քաղաքական առումով շարունակուի, ապա այդ տագնապին տեւողութիւնը պիտի երկարի:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի առաջարկԷ քննարկել պետական անվտանգութեան թղթածրարը:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի գիտէ, թէ որո՛ւն հետ կը գործակցի եւ ան ոչ ոքի խորհուրդներուն կարիքը ունի: «Հարիրիի պայքարը չափաւորականութիւնը պահպանելու պայքարն է», շեշտեց ան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը ներկայ իրավիճակը պիտի պահէ ինչպէս որ է` աւելցնելով, որ լիբանանցի քաղաքացիները այս հանգրուանին նման բան չեն փափաքիր: Ան դիտել տուաւ, որ իր կարծիքով` խառն ընտրական օրինագիծը պիտի չվաւերացուի, իսկ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու որոշումը զուտ քաղաքական է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հանդարտեցնել եւ կայունացնել կացութիւնը, երբ շրջադարձային լուրջ հանգրուաններ գոյութիւն ունին:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հաստատեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին իբրեւ զէնք օգտագործուած է հոգեբանական պատերազմը, որ խաբեբայութիւն չի նշանակեր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի շեշտեց, որ առանց համամասնական ընտրական օրէնքի իրենք երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարեն:

ԱՆՑՆՈՂ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի տարածքին արձանագրուած են ինքնաշարժի 11 արկածներ, որոնք պատճառած են 7 զոհ եւ 20 վիրաւոր:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն չեն կրնար հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներկայիս ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով վերջնական պատկերացումի մը կարելի պիտի չըլլայ յանգիլ:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ յատուկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ այսօր պիտի այցելէ հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի` շնորհաւորելու համար քաղաքապետական ընտրութիւններուն անոր արձանագրած յաղթանակը:

 

Նախորդը

Ռուսիա Թուրքիան Մեղադրած Է Ահաբեկիչներուն Մարտիկներ Ու Զէնք Մատակարարելու Յանցանքով

Յաջորդը

Արսլան. «Մաշնուք Յանդուգն Եւ Անկեղծ Է»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?