Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եարզէի Մէջ . Մեկնարկը Կատարուեցաւ Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Տրամադրուած Եւրոպական Օժանդակութեան Ծրագիրի Գործադրութեան

Յունիս 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

jean_kahwaji_yarze_60316

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ մեկնարկը կատարեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած եւրոպական օժանդակութեան ծրագիրի գործադրութեան` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր

տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչներու, այդ ծրագիրի գործադրութեան պատասխանատու ֆրանսական ընկերութեան ներկայացուցիչ զօր. Ալեն Փելլեկրինի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով սպաներու:

Ձեռնարկին ընթացքին զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի շրջանին դիմագրաւած աղէտին սրտին մէջ` հանդուրժելով գաղթականներուն ստեղծած տագնապին եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն գոյութեան:

«Մեր ունեցած բոլոր միջոցներով երկիրը պաշտպանելու որոշումը վճռական է, իսկ ահաբեկչութեան դէմ մեր մղած պատերազմը անխոնջ կը շարունակուի, մինչեւ ահաբեկչական բոլոր ցանցերուն ջնջումը», հաստատեց ան:

Իր կարգին, Իպրահիմ կոչ ուղղեց զգուշանալու եւ հաշուի առնելու, որ Լիբանանի դիմագրաւած գաղթականներու տագնապը պատճառած է ապահովական բացթողումներ, որոնց պէտք է յարմար լուծումներ գտնել:

«Լիբանան կ՛ապրի իր արդի պատմութեան ամէնէն զգայուն եւ վտանգաւոր փուլը` նկատի ունենալով, որ ան կը դիմադրէ իր պետութեան եւ պատգամ երկիր մը ըլլալուն սպառնացող ահաբեկչութեան», ըսաւ Իպրահիմ:

Միւս կողմէ, Լասըն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ եւ կ՛աշխատի ամրապնդել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Լասըն յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանի ապահովութեան ամրապնդումին` աւելցնելով, որ տրամադրուած երեք միլիոն եւրոյի արժողութեամբ ծրագիրը պիտի գործադրուի երկու տարուան ընթացքին:

 

Նախորդը

Ասիրի Եւ Բրիտանական Դեսպանատունը Կը Հակադարձեն Մաշնուքի Յայտարարութիւններուն

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Նամակը` Գերմանիոյ Խորհրդարանի Նախագահին

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?