ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէէ եւ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանէ, այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար զօր. Միշել Աունի:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ եղաւ արժեւորելու քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած ժողովրդավարական մթնոլորտը, քննարկելու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկային անպայմանօրէն կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ երկխօսութեան խորհուրդի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութեան` իբրեւ սահմանադրական անշրջանցելի հրամայական:
Զօր. Աուն շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին որդեգրման գծով` վստահեցնելով, որ արդար դատի ետին կանգնող ժողովուրդներ չեն մեռնիր: