
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պահեստի ուժերու հարցերով փոխնախարար Ճուլիըն Պրէյզիըրը, որուն ընկերակցեցան բրիտանացի այլ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր:
Հանդիպումին ընթացքին Մուքպել շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին դէմ ահաբեկչական որեւէ յարձակումի պարագային պաշտպանութեան առաջին գիծն է: «Հետեւաբար ան իսկական օժանդակութեան կարիք ունի», ըսաւ Մուքպել` շեշտելով այդ օժանդակութիւնը մնայուն եւ հետեւողական պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Մուքպել յայտնեց, որ Պրէյզիըրի հետ քննարկած է նաեւ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆալոնի հետ հանդիպումին ընթացքին արծարծուած հարցերը:
Մուքպել շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ` լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջաններուն 65 առ հարիւրին մէջ անոր օժանդակութեամբ զետեղուած պահակութեան աշտարակներուն համար, ինչպէս նաեւ բրիտանական բանակին կողմէ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու անդամ վեց հազար զինուոր մարզելու առիթով:
Իր կարգին, Պրէյզիըր յայտնեց, որ Լիբանան քաջ երկիր է` նկատի ունենալով, որ ան կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչական այլ կազմակերպութիւններու դիմադրութեան առաջնագիծին վրայ:
Պրէյզիըր հաստատեց, որ Բրիտանիոյ կեցուածքը յստակ է Լիբանանին զօրակցելու իմաստով յանձնառու մնալու առումով: Ան աւելցուց, որ Բրիտանիա նախանձախնդիր է լիբանանեան բանակը մարզելու, ինչպէս նաեւ անոր օժանդակելու` երկրին սահմաններուն հսկելու առումով:


