Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռամատանի Նախօրեակին . Բանակը Կը Շարունակէ Կազմաքանդել ՏԱՀԵՇ-ի Բջիջները, Իսկ Հըզպալլա Կը Ռմբակոծէ Ահաբեկիչներուն Դիրքերը

June 6, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տար Ֆաթուա երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Լիբանանի համար այսօր ռամատանի առաջին օրն է:

leb_army_60516

Ռամատանի նախօրեակին լիբանանեան բանակը երէկ կէսօրին Մաժտալ Այնճարի մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի բջիջի մը անդամները եւ գրաւեց անոնց մօտ գտնուող գնդացիրները, ականուած գօտիներն ու պայթուցիկ նիւթերը:

Բանակի հաղորդագրութեան, համաձայն, զէնք ու զինամթերքը գտնուած են Տարուիշ Իպրահիմ Ապտել Խալեքի բնակարանին մէջ:

Ըստ հաղորդագրութեան, Ապտել Խալեք եւ անոր ընկերակցող Հասան Մոհամետ Սալեհ (սուրիացի) ձերբակալուած են եւ փոխանցուած դատական իշխանութիւններուն:

ISIS_Ramadan_60516

Բանակը Արսալի եւ Ուատի Հմայտի գաղթակայաններուն մէջ նաեւ կատարեց մեծ թիւով ներխուժումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալեց շարք մը կասկածելիներ:

Իրենց կարգին, Հըզպալլայի մարտիկները յետմիջօրէին ռմբակոծեցին Ռաս Պաալպեքի Զուայթինա բարձունքին վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրք մը, ուր գտնուող բոլոր զինեալները սպաննուեցան ու վիրաւորուեցան:

Ապահովական կայունութիւնը խախտելու փորձերու շարքին շաբաթ կէսօրին Մտայրեժի եւ Համմանայի ճամբուն վրայ գտնուեցաւ տոպրակ մը, որուն մէջ կային 60 պայթուցիչ, 15 ձեռնառումբ, 40 փամփուշտ եւ պայթուցիկ նիւթեր:

Այս բոլոր նուաճումները արձանագրուեցան անցեալ հինգշաբթի օր Աքքարի Խըրպեթ Տաուտ շրջանին մէջ բանակին կողմէ  ՏԱՀԵՇ-ի երեք անդամներու ձերբակալումէն եւ անոնց մօտ գտնուող տեղեկութիւններուն տիրանալէն ետք:

Այս բոլորին կողքին, սակայն, ապահովական օտար աղբիւրներ շեշտեցին, որ ռամատանի ընթացքին Լիբանանի ապահովութիւնը հարուածելու իմաստով ՏԱՀԵՇ հրահանգներ արձակած է: Նոյն աղբիւրները նախատեսեցին, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուին պայթումներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու սպանութիւններ:

Սակայն հակառակ այս սպառնալիքներուն, լիբանանեան ապահովական կառոյցները կազմ ու պատրաստ են դիմադրելու ահաբեկչութեան, իսկ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա միջազգային այն կողմերն են, որոնք կը մնան իրենց յանձնառութեան վրայ եւ կը ջանան ամրապնդել այդ կայունութիւնը` մնայուն կերպով օժանդակելով լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն, անոնց կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով:

Վերոնշեալ սպառնալիքներուն առընթեր լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ որդեգրած է ապահովական միջոցառումներ` պահպանելու համար ռամատանի միամսեայ կայունութիւնը:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երբեք պէտք չէ վախնալ ռամատանի ընթացքին արձանագրուելիք ապահովական խախտումներէն: Ան աւելցուց, որ բանակը այդ իմաստով ներքին լիբանանեան կայունութիւնը ամրապնդած է եւ պատրաստ վիճակի մէջ կը հսկէ երկրին ու քաղաքացիներուն անվտանգութեան:

Միւս կողմէ, Հըզպալլա ներքին շրջաբերականով մը իր մարտիկներէն պահանջեց հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաայի իր դիրքերուն մէջ մնալ արթուն եւ հսկողութիւնը խստացնել` կանխարգիլելու համար Լիբանանի դէմ գործուելիք ահաբեկչական որեւէ արարք:

Նախորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնները Պաթրունի Մէջ Նշեցին Քաղաքապետական Ընտրութիւններու Յաղթանակը

Յաջորդը

Աշխարհահռչակ Բռնցքամարտիկ Մոհամետ Ալի Քլէյ Մահացաւ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.