ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրները զիրենք յանձնառու կը դարձնեն` տագնապի կողմնացոյցը ուղղելու դէպի Իսրայէլ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ իր կարծիքով` համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքի մը որդեգրումը եւ Լիբանանը 13 ընտրաշրջաններու բաժնելու որոշումը պահանջուած լուծումն է:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ դժուար է ընտրական նոր օրէնք մը գոյացնել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ մտահոգութիւն յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին մասին ներկայիս բարձրացած աղմուկը յանգի 1960-ի ընտրական օրէնքին պահպանումին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ Ժաննէի ջրամբարի կառուցման աշխատանքները կասեցնելու ճիգերը քաղաքական են` աւելցնելով, որ այդ ջրամբարին աշխատանքները միայն կառավարութիւնը կրնայ կասեցնել:
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ մէջ Իսրայէլի դեսպան Ցիվի Հիֆից շեշտեց, որ իրենք գրեթէ վստահ են, որ Ռուսիա պիտի չարտօնէ, որ Հըզպալլա զէնք ու զինամթերք ստանայ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Սալամի կարծիքով` վարչապետարանը վերածուած է բանտի, աւելցնելով, որ ինք ստիպուած է մնալ իր պաշտօնին վրայ` նկատի ունենալով իր վրայ բանեցուող միջազգային ճնշումները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի հաստատեց, որ Իրան ոչ մէկ երկրի ներքին հարցերուն միջամուխ կը դառնայ` մաղթելով, որ Լիբանան մօտիկ ապագային ունենայ իր հանրապետութեան նախագահը, որպէսզի ապահովական յաւելեալ կայունութիւն կարենայ վայելել:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ հոգեւորականներու համաշխարհային համադաշնակցութեան նախագահ շէյխ Մահեր Համմուտ ընդգծեց, որ սիւննի համայնքին դէմ վտանգ կը սպառնան միայն հաւատադրժողական շարժումները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ հաւատադրժողական շարժումներուն կողմէ Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի էմիրութիւններ յայտարարելու հանգրուաններուն կրցած են վերջ տալ Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն կարգախօսով:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ քաղաքացիական ընկերութիւնը այն արգանդն է, որմէ պիտի ծնի քաղաքական նոր դասակարգը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապրիէլ Մըր շեշտեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ համացանցի հարցով իրականութիւնը չի մատնանշեր` ծածկելու համար Ալի Պապայի քարայրը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին գոյատեւումը փառաւոր է` մաղթելով, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապը համախոհութեամբ լուծուի: Ան շեշտեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի լիբանանցիներուն` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ նպատակը հաւատադրժողական ահաբեկչութեան կասեցումն է:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոս շեշտեց, որ քրիստոնէական հաւատքին վրայ հիմնուած իրենց կեանքը պէտք է դրսեւորուի իրենց ընկերային կեանքով:
ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ Լիբանանի համայնքային եւ յարանուանական վարչակարգը կազմալոյծ վիճակի մէջ է, իսկ 1960-ի ընտրական օրէնքը սպառած է ինքզինք:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը Պեքաայի Սուլթան Եաագուպ Թահթա (Լուսի) գիւղաքաղաքին մէջ գրաւեցին մեծ քանակով փճացած եւ արդիւնաւէտ ըլլալու ժամկէտը անցուցած դեղորայք:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Դիմադրութեան համակիրներն ու զօրակցողները փաստեցին, որ անոր հանդէպ իրենց յանձնառութիւնը անշեղ կը մնայ, հակառակ Դիմադրութեան դէմ նիւթուած բոլոր սուտերուն, ամբաստանութիւններուն եւ գրգռութիւններուն:


