Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ռիֆիի Հետ Քննարկեց Թրիփոլիի Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Արդիւնքը

June 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

rifi_rayi_60316

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Թրիփոլիի քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին ինք առաջարկած է Թրիփոլիի քրիստոնեայ եւ ալեւի ներկայացուցիչներուն անունները զետեղել իր զօրակցութիւնը վայելող ընտրացանկին վրայ, «սակայն անոնք մեծամտութեամբ մերժեցին այդ առաջարկը` ցուցաբերելով արդէն իսկ յաղթանակ արձանագրածի վարուելակերպ», ըսաւ ան:

Ռիֆի կոչ ուղղեց հակառակորդ քաղաքական ուժերուն իրենց ոտքերը վերստին գետին դնելու եւ վերջ տալու մեծամտութեան, որուն պատճառով Թրիփոլին զրկուած է քրիստոնեայ եւ ալեւի ներկայացուցիչներէ:

Պատասխանելով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքին` Ռիֆի ըսաւ, որ ինք կենդանի նահատակ է եւ իբրեւ այդպիսին քաջ կը գիտակցի նահատակներուն արժէքին:

«Ես` հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի,  ոտքերս գետինն են եւ գլուխս ուսերուս վրայ», նշեց ան:

Ֆրանսուա Ֆիոնի Հետ

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիոն, ընկերակցութեամբ` ֆրանսացի երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումէն ետք Ֆիոն շեշտեց, որ Լիբանան իրենց այցելութիւնը կատարուած է Արեւելքի քրիստոնեաներուն հետ գործակցելու եւ անոնց նեցուկ կանգնելու պատմական ու մշակութային աւանդութեան շրջագիծին մէջ:

Ֆիոն հաստատեց, որ Արեւելքը քրիստոնեաներէն դատարկելու փորձերը զիրենք կ՛առաջնորդեն դէպի բախումներ եւ վտանգաւոր ապագայ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Ժաննէի Ջրամբարի Ծրագիրը Լիբանանի Համար Տարեկան Դրութեամբ 180 Միլիոն Տոլարի Ծախս Կրնայ Խնայել» Շեշտեց Ա. Նազարեան

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.