Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Համախոհութիւն Չվայելող Ընտրական Ոչ Մէկ Օրէնք Պիտի Որդեգրուի»

June 6, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri5_60516

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով կայացած խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու նիստերուն ընթացքին կատարուող քննարկումները իր վրայ ժխտական տպաւորութիւն ձգած են, եւ ինք այդ իմաստով յոռետես է:

Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանին մէջ ընթացած աշխատանքները ցոյց կու տան, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ ընտրական նոր օրէնք կ՛ուզէ: Աւելի՛ն. քաղաքական այդ բոլոր ուժերը կը մերժեն նաեւ 2008-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւններ կատարել, «ինչ որ կը նշանակէ, թէ 2017-ի յունիսին Լիբանան կատարուած իրողութեան առջեւ պիտի գտնէ ինքզինք, այսինքն` կա՛մ ընտրութիւն պիտի կատարէ գոյութիւն ունեցող ընտրական օրէնքով եւ կա՛մ տագնապալի իրավիճակի մը մէջ պիտի մտնէ», ըսաւ ան:

Պըրրի վերահաստատեց, որ 2013-ին եւ 2014-ին խորհրդարանի պաշտօնավարութեան զոյգ երկարաձգումները երրորդ անգամ պիտի չկրկնուին` մերժելով նաեւ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:

Խորհրդարանի նախագահը վերահաստատեց, որ ինք համոզուած է, թէ ամբողջ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածելը լաւագոյն ձեւն է` համամասնական դրութեամբ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելու, «սակայն համամասնական եւ մեծամասնական խառն օրինագիծը, որ ծանօթ է իբրեւ խառն օրինագիծ, կարելի է տակաւին սերտել», ըսաւ ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ ի՛նչ ալ ըլլան կեցուածքները, էական տարազը այն է, որ համախոհութիւն չվայելող ընտրական ոչ մէկ օրէնք պիտի որդեգրուի:

Նախորդը

Ռամատանի Առիթով. «Լիբանան Վտանգի Դիմաց Է Հանրապետութեան Նախագահի Չգոյութեան Պատճառով» Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնները Պաթրունի Մէջ Նշեցին Քաղաքապետական Ընտրութիւններու Յաղթանակը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.