
Ժեհիթայի մէջ երէկ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որուն մասին Ժեհիթայի քաղաքապետ Ուալիտ Պարուտ շեշտեց, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կը փորձեն հակակշիռի տակ առնել զայն` հրշէջ մեքենաներով եւ հրդեհները մարելու յատուկ ուղղաթիռներով:
Ան հաստատեց, որ հրդեհը բնակարաններուն մօտակայ վայրի մէջ չէ` աւելցնելով, որ իրենք փակած են Ժեհիթայի քարայրը տանող ճամբան` երաշխաւորելու համար քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը:
Իր կարգին, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն Ռեմոն Խաթթար յայտնեց, որ երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին հրդեհը տակաւին կարելի չէր եղած ամբողջութեամբ մարել` աւելցնելով սակայն, որ 15 հրշէջ մեքենաներ եւ լիբանանեան օդուժին ուղղաթիռները կ՛աշխատին հակակշիռի տակ առնել զայն:


