ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց պետութեան կողմէ լիբանանցի քաղաքացին «Եւրօ 2016» ֆութպոլի մրցաշարքի խաղերուն հետեւելու իրաւունքէն զրկելը եւ կոչ ուղղեց լուծելու այդ հարցը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ պիտի դիմադրեն այն բոլոր փորձերուն, որոնք կը միտին զիրենք պահել 1960-ի ընտրական օրէնքին ներքեւ: Ան աւելցուց, որ իրենց իրաւունքներէն երբեք պիտի չզիջին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը բոլոր ընտրանքները կը սերտէ, եւ անոր որդեգրելիք կեցուածքին ընթացքը հրաժարականէն շատ աւելին է:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ իր եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ կան բարի միջնորդներ` աւելցնելով, որ իրենք պէտք է դարձեալ հանդիպին եւ վերադառնան նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կեցուածքներուն ու սկզբունքներուն:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ քրիստոնեայ համախոհութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իր շրջաններուն մէջ դառնալու հեղինակութիւն եւ ջնջելու մնացեալ համայնքներուն ներկայութիւնը: Տըրպաս հաստատեց, որ ներկայ կառավարութիւնը երկրի քաղաքական դասակարգին ձախողութեան ամէնէն յստակ փաստն է:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւններէն դուրս գալու միակ միջոցը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ ներքին լիբանանեան առումով պէտք է յանգիլ համաձայնութեան մը, որուն հիման վրայ արտաքին աշխարհին վրայ ճնշում կը բանեցուի` նախագահական ընտրութեան առիթ տալու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքն է, որ տարբերութիւն մը պիտի յառաջացնէ եւ սխալները սրբագրէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման մտահոգութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ ներքին հարցերուն եւ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ականահարումներու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Ժաննէի ջրամբարի աշխատանքներուն կասեցման հարցը իրենց պայքարն է` աւելցնելով, որ եթէ կարիքը զգացուի, ապա իրենք պատրաստ են նոյնիսկ փողոց իջնելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ընտրութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերած է առարկայական եւ իրապաշտ մօտեցում` աւելցնելով, որ ան փաստած է իր պատասխանատուութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի աղբիւրներէն, հաստատեց, որ Թրիփոլիի քաղաքապետական ընտրութիւններուն իր կրած վնասը մեծ էր` հաստատելով, որ ինք շատ լուրջ է այդ իմաստով բացթողումներ արձանագրած պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչելու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ Թրիփոլիի քաղաքապետական ընտրութիւններուն պարագային արձանագրուած են որոշ սխալներ` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է այդ սխալներուն պատճառները իմանալ եւ ջանալ զանոնք սրբագրել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կը գտնուի հսկայ առիթի մը դիմաց` աւելցնելով, որ եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, իրենք չեն տխրիր: Սաատէ շեշտեց, որ երրորդ թեկնածուի մը մասին լուրերը անճիշդ են:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ճիգ պէտք չէ խնայեն` երկրին քաղաքական տագնապին լուծում մը գտնելու:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի շահերուն կը ծառայէ զօրակցիլ համամասնական ընտրական օրէնքին:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը յայտարարեցին, որ բջիջային հեռաձայնի համար ունեցած են իրենց յատուկ էփլիքէյշընը, որ կարելի է ներբեռնել General Security անուան տակ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ խորհրդարանին մէջ 17 տեսակ ընտրական օրինագիծի գոյութիւնը ցոյց կու տայ, որ լիբանանեան քաղաքական կողմերը անհամաձայն են:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ընտրելու առումով, որպէսզի արգելք հանդիսանայ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի ընտրութեան:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է` երկիրը փրկելու համար ցնցումներէ եւ հարցերէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Մեհրապի հետ իրենց համաձայնութեան եւ Հըզպալլայի հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ունեցած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին միջեւ ոչ մէկ հակադրութիւն արձանագրուած է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ քրիստոնեայ քաղաքացիները պէտք է ամբողջական պոյքոթի ենթարկեն լիբանանեան պետութեան հետ յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած անարդարութիւնները:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ սիւննի համայնքին հետ իր յարաբերութիւնները սրբագրելու:


