
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի. նիստէն բացակայեցան նախարարներ Պութրոս Հարպ, Աքրամ Շեհայէպ, Արթիւր Նազարեան եւ Նուհատ Մաշնուք:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ ռամատանի առիթով շնորհաւորած է բոլորը եւ կոչ ուղղած ամէնէն մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ նախագահական աթոռը թափուր պահելը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն գործունէութեան վրայ, ինչպէս նաեւ մեծ վնաս կը հասցնէ լիբանանեան ազգային շահերուն:
Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը վերստին յետաձգած է Ժաննէի ջրամբարի կառուցման, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ապօրինի համացանցի, ինչպէս նաեւ գրաւոր մամուլի դիմագրաւած տագնապի թղթածրարներուն քննարկումը:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած այն առաջարկին, որ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդը պատրաստէ Մարզական աւանի նորոգութեան աշխատանքներու ծրագիր մը:
Նախարարաց խորհուրդը որոշեց նաեւ պետական պիւտճէի պահեստի գումարներէն բաժին մը յատկացնել կարգ մը նախարարութիւններու եւ ընդհանուր տնօրէնութեանց, համաձայն գտնուեցաւ ընդունելու կարգ մը նախարարութիւններուն ներկայացուած նուիրատուութիւնները, ինչպէս նաեւ իր համաձայնութիւնը յայտնեց, որ կարգ մը նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ մասնակցին օտար երկիրներու մէջ տեղի ունենալիք շարք մը խորհրդաժողովներու:
Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ աղբի տագնապի լուծման առումով տրուած որոշումներուն, որոնց շրջագիծին մէջ Պուրճ Համուտ-Ժտէյտէ շրջանին մէջ պիտի կառուցուի ծովային պատնէշը եւ պիտի հաստատուի թափօններու թաղման առողջապահական վայրը. այս աշխատանքները պէտք է ստանձնէ մէկ ընկերութիւն` նման Քոսթա Պրաւայի:
Նշենք, որ կառավարութեան կողմէ այս մասին իրենց դիտողութիւնները նկատի չունենալու պատճառով Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախարարները լքեցին նիստը` աւելցնելով, որ իրենց քայլը կառավարութենէն հրաժարելու համազօր չէ, իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները արձանագրեցին իրենց վերապահութիւնը:


