Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Ֆինլանտա

June 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

basil_finland_61016

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆինլանտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ֆինլանտացի իր պաշտօնակիցին` Թիմօ Սոյնիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միջինարեւելեան զարգացումները, Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակն ու անոր դիմագրաւած սուրիացի գաղթականներուն հարցը` Սուրիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք:

Սոյնի նշեց, որ լիբանանեան – ֆինլանտական յարաբերութիւնները հեզասահ են` ընդգծելով, որ իրենց միջեւ հինէն ի վեր մտերմութիւն եւ գործակցութիւն կայ:

Սոյնի ըսաւ, որ Ֆինլանտա իր խաղաղապահ ուժերով մաս կը կազմէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` յայտնելով, որ Սուրիոյ տագնապը Լիբանանի վրայ կ՛ունենայ իր հետեւանքները:

Սոյնի հաստատեց, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է Պասիլին` սուրիացի գաղթականները դիմաւորելու առիթով` աւելցնելով, որ Լիբանան ծանր բեռ մը կը կրէ այս իմաստով եւ այդ մասին պէտք է գիտնան բոլոր երկիրներն ու Լիբանանին տրամադրեն համապատասխան զօրակցութիւն:

«Պասիլի հետ քննարկեցինք Սուրիոյ դիմագրաւած դժուար կացութիւնը, յատկապէս այն առումով, որ ոչ ոք գիտէ, թէ ի՛նչ պիտի պատահի, սակայն մեզի համար յստակ է միայն մէկ բան, որ անհրաժեշտ է ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարիլ, որովհետեւ անոնք դէպի Եւրոպա գաղթականութեան հիմնական պատճառներն են», ըսաւ ան:

Սոյնի ընդգծեց Լիբանանի եւ Ֆինլանտայի միջեւ գործակցութեան բարելաւումին կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ Յունաստանի, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ բացայայտուած ահաբեկչական բջիջները խօսուն օրինակներ են գաղթականութեան եւ ահաբեկչութեան միջեւ կապին:

Պասիլ հաստատեց, որ պէտք է վերջ տալ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման աղբիւրներուն` աւելցնելով, որ գաղթականներուն հոսքը դէպի Լիբանան անոր գոյութեան կը սպառնայ:

Պասիլ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆինլանտայի, որ մնայուն կերպով կ՛օժանդակէ Լիբանանին` աւելցնելով, որ ինք Սոյնին հրաւիրած է այցելելու Լիբանան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Բարգաւաճման Եւ Վերաշինութեան Խորհուրդը Կը Հերքէ Այն Լուրերը, Թէ Աղբերը Առանց Մշակուելու Եւ Թափօններու Վերածուելու Պիտի Թաղուին Ծովուն Մէջ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.