
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ռամատանեան իֆթարի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք համոզուած է, որ չափաւորականութիւնը, ազգային միասնականութիւնն ու իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը, երկխօսութիւնն ու եղբայրութիւնը պարզապէս բառեր չեն, այլ` իրականութիւն, առօրեայ, ընկերային ու քաղաքական պայմաններ եւ մարդկութիւն, որոնք «իմ պատասխանատուութեանս հիմքերը կը կազմեն»:
Հարիրի յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները իրեն համար ներկայացուցած են առիթ մը` ներքին վերաքննութիւն կատարելու եւ քաղաքական ու կազմակերպական հաշիւները վերատեսութեան ենթարկելու:
«Լիբանանի մէջ քաղաքական մարզը առիթ կու տայ, որ գրգռութիւններ եւ բնազդներ հրահրելու քաղաքականութիւն տարածուի, սակայն իմ կազմաւորումս հիմնուած է հաւատարմութեան եւ անկեղծութեան վրայ, հետեւաբար ես ոչ ոք պատասխանատու պիտի նկատեմ, այլ` պիտի հաստատեմ, որ ես պատասխանատու եմ քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն եւ անոնց հետեւանքները կը կրեմ, որքան որ ալ անոնք ծանր ու խիստ ըլլան», յայտնեց ան:
Հարիրի ընդգծեց, որ այս ամսուան ընթացքին ինք պիտի բանայ շարք մը թղթածրարներ եւ իր խղճին համաձայն պիտի խօսի: «Մենք կը պատկանինք նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դպրոցին, այսինքն` չափաւորականութեան, ազգային համերաշխութեան ու միասնականութեան, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան դպրոցին: Հետեւաբար, քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքները մեր համոզումները չեն խախտեր: Այս է մեր ճշմարիտ պայքարը», ըսաւ ան:
Հարիրի հաստատեց, որ Պէյրութի քաղաքապետական ընտրութիւններուն պարագային ինք կոչ ուղղած է ընտրացանկին ինչպէս որ է քուէարկելու` մեկնելով հաւասարութիւնը պահպանելու նպատակէն, «իսկ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդէն պիտի պահանջէի հրաժարիլ, եթէ Պէյրութի մէջ հաւասարութիւնը խախտումի ենթարկուէր», նշեց ան:
Հարիրի կոչ ուղղեց իսլամ հոգեւորականներուն դիմադրելու սադրանքներուն, իսկ քրիստոնեայ հոգեւորականներուն հաստատելու, որ իսլամութիւնը ահաբեկչութեամբ ամբաստանող բոլոր արշաւները կ՛իյնան ապատեղեկատուութեան շրջագիծին մէջ:
Հարիրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կառչած պիտի մնայ Թաէֆի համաձայնագիրին` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով զօրակցած է Լիբանանին եւ լիբանանեան պետականութեան ամրապնդումին:
«Այս առիթով կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Սէուտական Արաբիոյ ցուցաբերած զօրակցութեան», եզրափակեց ան:


