Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիները զգուշացուց Լիբանան ուղղուելէ` նկատի ունենալով երկրին ապահովական իրավիճակը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ Լիբանանի պահպանումը լիբանանցիներուն պատասխանատուութիւնն է, իսկ քաղաքական անձնաւորութիւններուն պարտականութիւնն է ամրապնդել անոր դիմադրողականութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ եթէ Ժաննէի ջրամբարին կենսոլորտային պայմանները փոփոխութեան ենթարկելու առիթ կայ, ապա անոնք պէտք է գործադրուին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Թրիփոլիի քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին ինք նախընտրած է իր քաղաքական կշիռէն վճարել` իր ընտրական դաշնակիցներուն դաւաճանելու փոխարէն:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ Ժաննէի ջրամբարին հարցը կենսոլորտային է եւ թեքնիք` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այդ թղթածրարին անմիջական լուծում մը ապահովել:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ ռամատանի ընթացքին Լիբանանի մէջ սննդեղէնը սղաճ չէ արձանագրած:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան կոչ ուղղեց ճարտարարուեստի մարզը զարգացնելու` հաստատելով, որ այդ մարզը ընդարձակ է եւ աշխատանքային առումով հսկայ մարզ մը կը նկատուի:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի թեկնածուներուն շուրջ համախոհութեան գոյացումը կ՛ամրապնդէ ազգային համաձայնութիւնը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս կոչ ուղղեց Ժաննէի ջրամբարին թղթածրարը քաղաքականութենէն հեռու պահելու եւ նշանակելու մասնագիտացած կողմ մը` բացատրելու այդ ծրագիրը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը շատ բան փոխած է եւ դրական անդրադարձ ունեցած:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ հաստատեց, որ Հըզպալլա պէտք է հասկնայ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կեցուածքը` ամերիկեան պատժամիջոցներուն առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով որոշ տուեալներ գոյութիւն ունին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը կը նախապատրաստուի արտակարգ ընդհանուր ժողով մը գումարելու սեպտեմբերի սկիզբը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները պիտի ըլլան մուտք` դէպի երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւնները:

«ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԹԱՅՄԶ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ կը զբաղի, որպէսզի Սուրիոյ մէջ իր մղած պատերազմին ծախսերը կարենայ ապահովել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի վարչապետի պաշտօնին համար յաջորդ երկու հզօր թեկնածուներն են:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դժուարութեան դիմաց գտնուած է` ընտրական խառն օրինագիծը վաւերացնելու իմաստով:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու մը յայտնեց, որ քրիստոնեայ շրջանակները նոյն պատկերը չեն ներկայացներ Մեհրապի համաձայնութենէն ետք:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պեքաայի երկրագործներու համախմբումի նախագահ Իպրահիմ Թարշիշի յայտնեց, որ երկրագործութեան նախարարութիւնը ապրիլէն ի վեր որոշում տուած է կասեցնելու Սուրիայէն եկող երկրագործական արտադրութիւններու ներածումը Լիբանան, բացի եթէ կանխաւ արտօնագիր տրուած է անոնց:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Մամլոյ 118-րդ Լսարան Զրոյց-Քննարկում` Հայագիտութեան Ներկայ Խնդիրներուն Մասին

Յաջորդը

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Ֆինլանտա

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?