
Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին նախագահեց «Մաքասետ» բարեսիրական միութեան իֆթարին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ ռամատանը սիրոյ, հանդուրժողականութեան եւ ներողամտութեան ամիսն է` յոյս յայտնելով, որ «Մաքասետ» միութեան զօրակցողները մնայուն կերպով հաւատարիմ մնան իրենց մարդասիրական այդ առաքելութեան:
Վարչապետ Սալամ դատապարտեց Լիբանանի մէջ իսլամութիւնը եւ իսլամները տկարացնելու իւրաքանչիւր փորձ` հաստատելով, որ նման քայլ ոչ միայն իսլամութիւնը եւ իսլամները կը տկարացնէ, այլեւ` Լիբանանը:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ սիւննի համայնքի հոգեւոր հեղինակութիւնը` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի նախագահութեամբ իմաստուն կերպով կը շարժի, մաղթելով, որ բարեսիրական այդ միութեան աշխատանքները հեզասահ կերպով ընթանան:


