Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Եգիպտոսի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Զայէտ շեշտեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է նաեւ քաղաքապետական ընտրութիւնները եւ ընտրական հոլովոյթին արձանագրած յաջողութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան այս հանգրուանին կարիք ունի սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ տիրող կացութիւնը բարելաւելու, վերջ տալու նախագահական աթոռը թափուր պահելու երեւոյթին եւ կատարելու երեսփոխանական ընտրութիւններ:
Զայէտ հաստատեց նաեւ, որ իրենք քննարկած են Լիբանանի եւ շրջանին ապահովական իրավիճակը` ընդգծելով երկրին կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: