Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարգաւաճման Եւ Վերաշինութեան Խորհուրդը Կը Հերքէ Այն Լուրերը, Թէ Աղբերը Առանց Մշակուելու Եւ Թափօններու Վերածուելու Պիտի Թաղուին Ծովուն Մէջ

June 11, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

council_for_development_and_reconstructionԲարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ աղբերուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն:

Հաղորդագրութեան համաձայն.

Ա) Խորհուրդը  կը հաստատէ, որ ինք պիտի գործադրէ 17 մարտ 2016-ին կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումը, որուն հիման վրայ աղբերը աւլելու, տեսակաւորելու, զանոնք մշակելու, թափօններու թաղման առողջապահական վայրի մէջ թաղելու, ծովային պատնէշը կառուցելու եւ Պուրճ Համուտի աղբակոյտի լեռը վերացնելու նուազուրդը սկսած է, եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարուին անոր արդիւնքները:

Բ) Կենսոլորտին վրայ ունենալիք ազդեցութիւնը ուսումնասիրելու աշխատանքները առկայ են եւ անոնք կենսոլորտի նախարարութեան պիտի ներկայացուին: Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդը ստիպուած էր կենսոլորտային ազդեցութիւնը ուսումնասիրելու ընթացքին յայտարարել նուազուրդը, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան ճշդած երկու ամսուան ժամկէտի շրջագիծին մէջ մնալ:

Գ) Այն լուրերը, թէ աղբերը պիտի թաղուին առանց տեսակաւորուելու եւ մշակուելու,  անճիշդ են, որովհետեւ նուազուրդի հոլովոյթը կը ներառէ աղբի տեսակաւորման ու մշակման աշխատանքը եւ զայն թափօններու վերածելէ ետք թաղման վայրին մէջ զետեղելու աշխատանքը, որպէսզի թափօններու թաղման առողջապահական վայր մը ստացուի:

Դ) Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդը նուազուրդի պայմանագրութիւնները նախարարաց խորհուրդին չի ներկայացներ, բացի եթէ խորհուրդը պահանջէ այդ պայմանագրութիւնները տեսնել: Այս պարագային կառավարութիւնը Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդէն պահանջած է ներկայացնել միայն ջերմային տարբաղադրումի նուազուրդի պայմանագրութիւնը, որուն մասին աւելի ուշ կառավարութիւնը իր որոշումը պիտի տայ: Ամէն պարագայի, երբ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդը օրաթերթերուն մէջ հրատարակէ նուազուրդին պայմանագրութիւնը, ապա բոլորը պիտի իմանան այդ մասին:

Ե) Պուրճ Համուտ – Ժտէյտէ շրջանին մէջ ծովային պատնէշին կառուցումը, աղբակոյտի մշակումը եւ վնասազերծուած թափօնները թաղելու առողջապահական վայրի ստեղծումը «Լինոր»-ի ծրագիրին հետ չի հակադրուիր, այլ` անոր մաս կը կազմէ:

 

Նախորդը

Պասիլ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Ֆինլանտա

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ . «Պէտք Է Վերջ Տալ Նախագահական Աթոռը Թափուր Պահելու Երեւոյթին» Շեշտեց Զայէտ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.