Լիբանանեան

Նուաքշոթի Մէջ.   «Լիբանան Միայն Լիբանանցիներուն Համար  Վերջնական Հայրենիք Է»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Նուաքշոթի Մէջ. «Լիբանան Միայն Լիբանանցիներուն Համար Վերջնական Հայրենիք Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ  Մաւրիտանիոյ մէջ մասնակցեցաւ Արաբական լիկայի 27-րդ վեհաժողովին, որուն ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը: Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ տիրող վտանգաւոր այս ժամանակաշրջանին, երբ ապահովական վտանգները կը սպառնան բոլորին, Լիբանան կը հաստատէ, որ ինք գաղթականներու բնակեցման երկիր չէ, այլ` միայն լիբանանցիներուն վերջնական հայրենիքը: Ան նշեց, որ արաբական աշխարհին մեծագոյն աղէտը Սուրիան է, որ իր հրդեհին մէջ...

Ֆրենժիէ Այցելեց Տիման

Ֆրենժիէ Այցելեց Տիման

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ երեկոյեան ուղղուեցաւ Տիման, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը: Սլէյման Ֆրենժիէ Տիմանէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Նախկին Երեսփոխան Հասան  Եաագուպ Ազատ Արձակուեցաւ

Նախկին Երեսփոխան Հասան Եաագուպ Ազատ Արձակուեցաւ

Լեռնալիբանանի դատախազութիւնը` նախագահութեամբ դատաւոր Աֆիֆ Հաքիմի, երէկ որոշեց նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպը ազատ արձակել 30 միլիոն լ. ոսկի երաշխաւորագինով: Եաագուպ ձերբակալուած էր 17 դեկտեմբեր 2015-ին` Հանիպաալ Քազզաֆիի առեւանգումը ծրագրելու յանցանքով: Իմամ Մուսա Սատըրի ընկերակից, անյայտ կորսուած շէյխ Մոհամետ Եաագուպի զաւակը` Հասան Եաագուպ հերքած էր իրեն վերագրուող այդ տեղեկութիւնները, իսկ անոր ընտանիքը, յատկապէս մայրը, իր զաւկին արգելափակման ամբողջ շրջանին փողոցը կատարուած...

Բանակը Խուզարկեց Ժամալիէ Գաղթակայանը  Եւ Կատարեց Ձերբակալումներ

Բանակը Խուզարկեց Ժամալիէ Գաղթակայանը Եւ Կատարեց Ձերբակալումներ

Լիբանանեան բանակը երէկ խուզարկեց Պաալպեքի սուրիական Ժամալիէ գաղթակայանը, ուր ձերբակալեց 30 գաղթականներ, ինչպէս նաեւ գրաւեց 10 ինքնաշարժներ եւ 15 մոթորսիքլեթներ, որոնք ապօրինի կերպով բերուած էին Լիբանան: Արսալի մէջ բանակը ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն Համզա Ժըպպաուիի եղբայրները` Մաան եւ Ապտօ Ժըպպաուիները, որոնց բնակարաններուն մէջ գտաւ ձեռնառումբեր, գնդացիրներ, զինամթերք եւ ՏԱՀԵՇ-ի դրօշակներ: Միւս կողմէ, Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն դարձած երգիչ Ֆատել Շաքերի եղբայրը` Մոհամետ...

«Եթէ Լիբանանցիները Բաւարար Դիմադրողականութիւն  Ունենան, Կրնանք Շրջանցել Վտանգները Եւ Յաղթել Անոնց»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ապպաս Իպրահիմ Պաղեստինեան Իրավիճակը Քննարկեց Ազզամ Ահմետի Հետ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական յանձնախումբի անդամ Ազզամ Ահմետը, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան իրավիճակը: Քննարկուեցաւ նաեւ ֆրանսական նախաձեռնութեամբ գումարուելիք միջազգային խորհրդաժողովը` պաղեստինեան տագնապին արդար եւ ամբողջական լուծման նպատակով: Ահմետ Իպրահիմի հետ քննարկեց նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններուն կացութիւնը` ընդգծելով ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Նշենք, որ Ահմետ մէկ շաբթուան մէջ...

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները  Կը Սպառնան  Մագլցողական Քայլերու Դիմել

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Կը Սպառնան Մագլցողական Քայլերու Դիմել

Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները Պեքաայի եւ Սուրի մէջ եւս փակեցին ելեկտրական ընկերութիւնը` սպառնալով իրենց գործադուլը վերածել մագլցողական քայլերու` հասնելով խորհրդարան եւ ուժանիւթի նախարարութիւն: Սարակները կարճ ժամանակի մը համար փակեցին նաեւ Քոռնիշ Նահրի ճամբան եւ Ելեկտրականութեան ընկերութենէն պահանջեցին քաղաքացիական ծառայութեան քննութիւններուն յաջողած անհատները հաստատել իրենց պաշտօններուն վրայ:    

Քանաան. «Օգոստոս Ամսուան Սկիզբը  Տեղի Ունենալիք Երկխօսութիւնը  Անկիւնադարձային Պիտի Ըլլայ»

Քանաան. «Օգոստոս Ամսուան Սկիզբը Տեղի Ունենալիք Երկխօսութիւնը Անկիւնադարձային Պիտի Ըլլայ»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար,  երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարեւոր է` հաստատելու համար երկրին օրինականութիւնը, ինչպէս նաեւ լուծելու համար երկրին քաղաքական տագնապը: «Մենք համոզուած ենք, որ այս բոլորը կարելի է իրականացնել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելով», ըսաւ ան: Քանաան աւելցուց նաեւ, որ զօր. Աուն կրնայ երաշխաւորել լիբանանեան...

«Կիւլեն Կը Ղեկավարէ Թուրքիան Հարուածելու  Համաշխարհային Ցանց Մը,  Իսկ Յեղաշրջումը Ձախողած Է»  Շեշտեց Էրճիյէշ

«Կիւլեն Կը Ղեկավարէ Թուրքիան Հարուածելու Համաշխարհային Ցանց Մը, Իսկ Յեղաշրջումը Ձախողած Է» Շեշտեց Էրճիյէշ

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ սկսած յեղաշրջումը Թուրքիոյ նկատմամբ դաւաճանութիւն էր եւ երկրին տիրելու փորձ մը: Ան նշեց, որ թուրքերը` անսալով նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կոչին, ուղղուած էին փողոց եւ քանի մը ժամուան ընթացքին ձախողեցուցած յեղաշրջումի այդ փորձը, ամբողջ աշխարհին փաստելու համար, որ իրենք ժողովրդավարութեան կը զօրակցին:...

«Կը Մերժեմ Այն Կեցուածքը, Թէ Նախագահական  Թափուր Աթոռը Զօր. Աունը Ընտրելէն Լաւ Է»  Շեշտեց Սամիր Ժսըր

«Կը Մերժեմ Այն Կեցուածքը, Թէ Նախագահական Թափուր Աթոռը Զօր. Աունը Ընտրելէն Լաւ Է» Շեշտեց Սամիր Ժսըր

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ ինք կը մերժէ այն կեցուածքը, թէ նախագահական թափուր աթոռը շատ աւելի լաւ է, քան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ընտրութիւնը: «Եթէ չկարենանք նախագահ ընտրել այն անձնաւորութիւնը, որ մենք կը փափաքինք, ապա պէտք է յարգենք մեր հակառակորդին ընտրանքը», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ նախագահական աթոռին թափուր վիճակին վերջ տալը աւելի քան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ Պեքաայի բնակիչներուն համար ամէն ծառայութիւն պէտք է մատուցել եւ անոնց կարիքները հոգալ, որպէսզի անոնք կարենան տոկալ ահաբեկչութեան դէմ: Զաայթեր կոչ ուղղեց...

Դատապարտումի Հեռագիր  Ֆրանսայի Պետութեան

Դատապարտումի Հեռագիր` Գերմանիոյ Պետութեան

Միւնիխի մէջ պատահած ոճիրին առիթով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ օր Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի ճամբով դատապարտումի հեռագիր մը յղեց Գերմանիոյ պետութեան` դատապարտելով ոճրային քստմնելի արարքը, միաժամանակ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն: Նմանօրինակ դատապարտագիր մը յղուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին կողմէ:

Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Մաւրիտանիա`  Մասնակցելու Համար Արաբական  Լիկայի 27-րդ Վեհաժողովին

Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Մաւրիտանիա` Մասնակցելու Համար Արաբական Լիկայի 27-րդ Վեհաժողովին

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ուղղուեցաւ Մաւրիտանիա, ուր պիտի մասնակցի Արաբական լիկայի 27-րդ վեհաժողովին: Գիշերելէ ետք Մարոքի մէջ, վարչապետ Սալամ պիտի ուղղուի Նուաքշոթ, ուր վեհաժողովը իր աշխատանքներուն կը սկսի այսօր: Վարչապետ Սալամի ընկերակցեցաւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս: Մաւրիտանիա մեկնելու ընթացքին, վարչապետ Սալամ պատասխանեց լրագրողներէն մէկուն հարցումին, որ կը վերաբերէր վեհաժողովին քննարկելիք թղթածրարներուն. ան ըսաւ. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յարաբերութիւնները...

Արայայի Մէջ.  «Լիբանանեան Քաղաքական Շրջանակները  Պատասխանատու Են Նախագահական  Ընտրութիւն Կատարելու»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Արայայի Մէջ. «Լիբանանեան Քաղաքական Շրջանակները Պատասխանատու Են Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Արայա, ուր դիմաւորուեցաւ շրջանի բնակիչներուն եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Հիքմաթ Տիպի եւ Նաժի Ղարիոսի կողմէ: Ռայի պատրիարքը Արայայի Սայիտաթ Նաժաթ եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շրջանի բնակիչները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ: Հանդիպումին ընթացքին ան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական շրջանակները պատասխանատու են նախագահական ընտրութիւն կատարելու, «ինչպէս որ բոլորս...

Բանակը Աքքարի Մէջ Գործադրեց Զինուորական Որակական Գործողութիւն Մը

Բանակը Արսալի Մէջ Կը Ձերբակալէ Յանցագործներ

Շաբաթ օր առաւօտեան կանուխ ժամերէն ի վեր, լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատներ Արսալի փողոցներուն եւ սուրիական գաղթակայաններուն մուտքին իրենց հսկողութիւնը խստացուցին: Բանակը անցարգելներ զետեղեց Ուատի Առնապի, Ուատի Հոսընի, Ուատի Ռաայանի, Ուատի Հմայտի, Ժամալայի եւ Մասիատայի մէջ, ինչպէս նաեւ աշխատեցաւ փակել Սուրիան Լիբանանին միացնող կարգ մը ապօրինի անցքեր: Միւս կողմէ, երէկ յետմիջօրէին լիբանանեան բանակի  հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ Արսալի մէջ գտնուող իր անցարգելներէն...

Իպրահիմ. «Այն Հելուէի Մէջ  Կացութիւնը Պիտի Մնայ Հակակշռուած»

Իպրահիմ. «Այն Հելուէի Մէջ Կացութիւնը Պիտի Մնայ Հակակշռուած»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ տիրող կացութիւնը այսօր չէ որ ստեղծուած է, այլ տասնեակ տարիներէ ի վեր: «Գաղթակայանին մէջ պատահածը աւանդական շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել, այն իմաստով, որ գաղթակայանը ապրած է Ժունտ Շամի հանգրուան, ապա Ֆաթհ Իսլամ, հասնելով մինչեւ ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա: Սակայն այսօրուան դրութեամբ...

«Կարելի Չէ Հըզպալլան Մեղադրել,  Եթէ ՏԱՀԵՇ-ի Վտանգը Հասնի Լիբանան»  Շեշտեց Շորթըր

«Կարելի Չէ Հըզպալլան Մեղադրել, Եթէ ՏԱՀԵՇ-ի Վտանգը Հասնի Լիբանան» Շեշտեց Շորթըր

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար հանդուրժել նախագահական թափուր աթոռի դրութեամբ գոյատեւելու իրականութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ Շորթըր շեշտեց, որ Բրիտանիա Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու իմաստով ոչ մէկ դերակատարութիւն ունի: «Նախագահական ընտրութեան առումով Բրիտանիա այս կամ այն անձին թեկնածութեան համաձայնութիւն կամ մերժում չէ յայտնած, այլ հաստատած է, որ Լիբանան...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Պատասխանէ Ռիատի Որոշումին,  Իսկ Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Քննարկէ  Երկրին Արտաքին Քաղաքականութիւնը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց Միւնիխի Յարձակումները

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Միւնիխի յարձակումը` հաստատելով, որ ահաբեկչութեան ալիքը կը շարունակէ սարսափի մատնել ամբողջ աշխարհին մէջ ապահով ապրող բնակիչները` փորձելով տապալել մարդկային ընկերութեան բոլոր արժանիքներն ու քաղաքակրթութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է դիմադրէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան` անոր բոլոր տեսակներով եւ ձեւերով: «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է մղուի մտաւոր կերպով, ֆինանսաւորումով եւ...

Հակառակ Սէուտական Որոշումին.  Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Բանակին Եւ Դիմադրութեան

Հըզպալլա Դատապարտեց Քապուլը Թիրախ Դարձուցած Ահաբեկչութիւնը

Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Քապուլը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնը` զայն նկատելով ամբողջ աշխարհը հարուածող սատանայական դիպաշարին մէկ օղակը: Հաղորդագրութեան մէջ Հըզպալլա զօրակցութիւն յայտնեց Աֆղանիստանին եւ անոր ժողովուրդին` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն հարազատներուն եւ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն: Հըզպալլա դատապարտեց նաեւ Քապուլի մէջ գործուած այս սպանդին նկատմամբ միջազգային եւ շրջանային լռութիւնն ու անտարբերութիւնը` շեշտելով, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ պաղեստինեան հարցին լուծումը կ՛արտօնէ, որ շրջանին մէջ շարք մը հարցեր վերանան: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ պետական ամավարկի պատրաստութիւնը երկրին համար աւելի քան անհրաժեշտութիւն կը նկատուի: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ առանց սուր բանավէճի անցած իւրաքանչիւր կառավարութեան նիստ պէտք է նկատել նուաճում մը: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան...

«Ահաբեկչական Խմբակներ Ճշդած Են  Սպանութեան Թիրախ Եղող Անձնաւորութիւններու  Յստակ Անուանացանկ Մը Եւ Ըստ Այնմ  Կը Գործեն Իրենց Ոճիրները»  Շեշտեց Պասել Հուժէյրի

«Ահաբեկչական Խմբակներ Ճշդած Են Սպանութեան Թիրախ Եղող Անձնաւորութիւններու Յստակ Անուանացանկ Մը Եւ Ըստ Այնմ Կը Գործեն Իրենց Ոճիրները» Շեշտեց Պասել Հուժէյրի

Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի յայտնեց, որ լիբանանցի եւ սուրիացի ահաբեկիչներէ կազմուած խմբակներ ճշդած են սպանութեան թիրախ եղող անձնաւորութիւններու յստակ անուանացանկ մը եւ ըստ այնմ կը գործեն իրենց ոճիրները: «Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն պարտականութիւնն է ճշդել ահաբեկչական այդ խմբակները, որոնք Արսալի բնակիչները եւ անոնց հիւրընկալած սուրիացի գաղթականները թիրախ կը դարձնեն», ըսաւ Հուժէյրի: Ան խստիւ դատապարտեց այն յայտարարութիւնները, թէ քաղաքապետարանը պէտք է ստանձնէ...

Page 817 of 986 1 … 816 817 818 … 986

Արխիւներ