Լիբանանեան

Խալիլ. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է  Օժանդակէ Մեզի` Սուրիացի  Գաղթականներուն Թղթածրարին Հարցով»

Խալիլ. «Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Օժանդակէ Մեզի` Սուրիացի Գաղթականներուն Թղթածրարին Հարցով»

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մէկուկէս միլիոն սուրիացի եւ կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականներու գոյութիւնը միջազգային ընտանիքը կը ստիպէ հաւատարիմ մնալու իր յանձնառութիւններուն նկատմամբ: «Գաղթականներուն հանդէպ Լիբանանի դերակատարութիւնը իւրայատուկ է` նկատի ունենալով, որ գաղթականներուն թիւը երկրին բնակչութեան թիւին աւելի քան մէկ երրորդն է: Սակայն մենք հասած ենք այնպիսի փուլի մը, որ այլեւս առանձինն չենք կրնար հանդուրժել գաղթականներուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը կ՛ենթադրէ, որ պարկեշտ անձնաւորութիւններ իշխանութեան եւ պետութեան մէջ պատասխանատուութիւններ ստանձնեն: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը կամ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարելիութիւն ըլլար, ապա շատոնց այդ ընտրութիւնը կատարուած կ՛ըլլար: ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ...

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Շարունակէ  Քննարկել Հաղորդակցութեան  Միջոցներու Վերաբերող Թղթածրարը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Շարունակէ Քննարկել Հաղորդակցութեան Միջոցներու Վերաբերող Թղթածրարը

Նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց  իր ընթացիկ նիստը, որուն աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ դարձեալ պահանջած է նախագահական ընտրութիւն կատարել` վերջ տալու համար նախագահական աթոռի թափուր մնալու դրութեան եւ բարելաւելու համար պետական եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը: Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ նախարարաց խորհուրդին ներկայացուցած է Մաւրիտանիոյ մէջ գումարուած Արաբական լիկայի վեհաժողովին...

«Լիբանան Վերապահութիւն Յայտնեց  Հըզպալլան Ահաբեկչական Որակող  Արտայայտութեան Նկատմամբ»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Լիբանան Վերապահութիւն Յայտնեց Հըզպալլան Ահաբեկչական Որակող Արտայայտութեան Նկատմամբ» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Միշել Ալիօ Մարին, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան վերապահ մնաց Նուաքշոթի մէջ գումարուած Արաբական լիկայի 27-րդ վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութեան այն կէտին, որուն մէջ Հըզպալլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատուէր:  

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը  Ընդգծեցին Ընտրական Նոր Օրէնք Մշակելու  Անհրաժեշտութիւնը` Առաջնահերթ Նկատելով Խառն  Ընտրական Օրէնքի Քննարկումը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Ընդգծեցին Ընտրական Նոր Օրէնք Մշակելու Անհրաժեշտութիւնը` Առաջնահերթ Նկատելով Խառն Ընտրական Օրէնքի Քննարկումը

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը` ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, արտաքին հարցերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու, պաշտպանութեան, ներքին եւ քաղաքապետական հարցերու, տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու յանձնախումբերը երէկ գումարեցին իրենց նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի: Նիստէն ետք երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ յանձնախումբերը ցարդ վերջնական որոշումի չեն յանգած` խառն ընտրական օրէնքին վերաբերեալ: Ան ընդգծեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն կողմէ ընտրական նոր...

Ռիֆի Հրաժարելու  Կոչ Կ՛ուղղէ Վարչապետ Սալամին

Ռիֆի Հրաժարելու Կոչ Կ՛ուղղէ Վարչապետ Սալամին

Արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռիֆի շեշտեց, որ իր հրաժարականը լուրջ է, եւ ինք կառչած կը մնայ այդ հրաժարականին: «Կը մաղթեմ, որ ընտրուի հանրապետութեան նախագահ մը, որ ընդունի իմ հրաժարականս», ըսաւ ան: Ռիֆի հրաժարելու կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամին` առաջարկելով, որ կառավարութիւնը վերածուի ընթացաւարտ...

Ռապիէի Մէջ.   «Հանրապետութեան Եւ Կառավարութեան  Նախագահութեան Բանալիները  Զօր. Աունի Մօտ Կը Գտնուին»   Շեշտեց Ուահապ

Ռապիէի Մէջ. «Հանրապետութեան Եւ Կառավարութեան Նախագահութեան Բանալիները Զօր. Աունի Մօտ Կը Գտնուին» Շեշտեց Ուահապ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարը: Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ այսօր պահանջուածը Լիբանանի ներքին կայունութեան ամրապնդումն է` յուսալով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի օգոստոս ամսուան ընթացքին համաձայն գտնուի զօր. Աունի թեկնածութեան` ազատ արձակելով հանրապետութեան նախագահութիւնը եւ...

«Անտեղեակ Էինք, Թէ Լիբանանի Մէջ  Քազզաֆի Ընտանիքը Սիրողներ Կան»  Ըսաւ Եաագուպ

«Անտեղեակ Էինք, Թէ Լիբանանի Մէջ Քազզաֆի Ընտանիքը Սիրողներ Կան» Ըսաւ Եաագուպ

Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ երէկ Պըտնայէլի մէջ շարունակեց ընդունիլ իր բարեկամներն ու հարազատները, որոնք եկած էին ողջունելու անոր ազատ արձակումը: Եաագուպ շեշտեց, որ իրաւունքը չի՛ մեռնիր` աւելցնելով, որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անյայտ կորսուելուն իրականութիւնը կենդանի պիտի մնայ լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ: Ան հեգնանքով անդրադարձաւ, թէ իրենք անտեղեակ էին, թէ Լիբանանի մէջ...

Մուսաուի. «Զօր. Աուն Նախագահ Պիտի Ընտրուի,  Որովհետեւ Ան Խորհրդարանին Մեծամասնութեան  Զօրակցութիւնը Կը Վայելէ»

Մուսաուի. «Զօր. Աուն Նախագահ Պիտի Ընտրուի, Որովհետեւ Ան Խորհրդարանին Մեծամասնութեան Զօրակցութիւնը Կը Վայելէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի երէկ շեշտեց, որ իրենք համոզուած են, թէ պիտի տապալեն հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը, այնպէս ինչպէս տապալած են թշնամի սիոնական գոյացութիւնը: Մուսաուի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի եւ հաւատադրժողական բոլոր խմբաւորումներուն մէջ կը տեսնէ Իսրայէլէն աւելի տկար թշնամի մը: Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին` Մուսաուի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Պեքաայի շրջակայքին մէջ կատարեց ռազմափորձեր: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի հետ` դատապարտելու համար Ռուենի մէջ արձանագրուած ահաբեկչութիւնը եւ ցաւակցութիւն յայտնելու Ֆրանսայի եւ անոր ժողովուրդին: Սինիորա շեշտեց, որ ահաբեկչական այդ արարքը իսլամութեան դէմ յարձակում էր, ինչպէս նաեւ իսլամութեան պատկերի...

Խորհրդարանական Յանձնախումբերու  Նախագահները Հանդիպեցան Եւրոպական Միութեան  Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Նախագահները Հանդիպեցան Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն Հետ

Խորհրդարանի գրադարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` խորհրդարանական յանձնախումբերու նախագահներուն, խորհրդարանի փոխանախագահ Ֆարիտ Մքարիի եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն եւ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընի միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու առումով մշակուած ընտրական օրինագիծին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Մքարի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կը մերժեն դարձեալ երկարաձգել խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը: Ան նշեց նաեւ,...

Ռապիէի Մէջ Համախմբումի Նիստ  .  «Կը Սպասենք Նուաքշոթի Մէջ Վարչապետ  Սալամի Կեցուածքին Յստակացումին»  Շեշտեց Ժրայսաթի

Ռապիէի Մէջ Համախմբումի Նիստ . «Կը Սպասենք Նուաքշոթի Մէջ Վարչապետ Սալամի Կեցուածքին Յստակացումին» Շեշտեց Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք համախմբումին անունով նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ համախմբումը ընդգծած է սուրիացի գաղթականներուն պարտադիր տունդարձի անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն Նուաքշոթի մէջ սուրիացի գաղթականներուն մասին վարչապետ Թամմամ Սալամի արտայայտած կեցուածքներուն յստակացումին: «Այս առումով պահանջուածը սուրիական իշխանութիւններուն հետ համագործակցութիւնն է` ՄԱԿ-ի գործակցութեամբ»,...

Ֆրենժիէ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց  Ներկայ Իրադարձութիւնները

Ֆրենժիէ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ռիչըրտի խորհրդական Ֆատի Հաֆեզ, ինչպէս նաեւ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի եւ Ժան Պութրոս:  

Բանակը Խուզարկումներ Կատարեց  Պաալպեքի Եւ Աքքարի Մէջ

Բանակը Խուզարկումներ Կատարեց Պաալպեքի Եւ Աքքարի Մէջ

Լիբանանեան բանակը երէկ խուզարկեց Պաալպեքի Շարաուինա շրջանը, ուր ձերբակալեց մեծ թիւով յանցագործներ: Բանակը խուզարկումներ կատարեց նաեւ Աքքարի մէջ, յատկապէս կեդրոնանալով Թալ Ապպասի արեւմտեան կողմը գտնուող սուրիացի գաղթականներու վրանաքաղաքներուն վրայ: Բանակը գաղթակայաններուն շրջակայքը ձերբակալեց 25 սուրիացիներ, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած էին Լիբանան, ինչպէս նաեւ գրաւեց 3 մոթորսիքլեթներ:  

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Ազատ  Եւ Արդար Դատական Իշխանութիւն Ունենալու

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Ազատ Եւ Արդար Դատական Իշխանութիւն Ունենալու

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի իրաւաբաններու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ֆահտ Մքատտամի: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց, որ քաղաքական միջամտութիւնները հասած են դատական իշխանութիւններուն եւ կ՛արգելակեն անոնց աշխատանքները: «Լիբանանեան պետութիւնը, առանց ազատ եւ արդար դատական իշխանութիւններու, չի կրնար շարունակել իր գոյատեւումը», ըսաւ ան: Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ օրէնսդրական աշխատանքին կարեւորութիւնը`...

Հարիրի. «Կ՛առաջարկեմ, Որ Նասրալլա Իր Մօտ Հրաւիրէ Զօր. Աունն Ու Ֆրենժիէն, Եւ Անոնց Միջեւ Խորհրդակցութիւնները Աւարտին Անոնցմէ Մէկուն Հրաժարականով»

«Անմեղ Քաղաքայինները Սպաննելու Ահաբեկչութեան Մշակոյթը Թիրախ Պիտի Դարձնէ Անոր Ջատագովները» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ խստիւ դատապարտեց Ֆրանսան, եւրոպական երկիրները եւ աշխարհի բոլոր վայրերը թիրախ դարձնող ահաբեկչական արարքները: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց ֆրանսացի ժողովուրդին` շեշտելով, որ այդ անարգ ոճիրները դատապարտելի են, ինչպէս նաեւ դատապարտելի է նման անմարդկային ոճիրներ գործել իսլամութեան անունով: «Անմեղ քաղաքայինները սպաննելու ահաբեկչութեան մշակոյթը թիրախ պիտի դարձնէ անոր ջատագովները», ըսաւ Հարիրի: Ան հաստատեց, որ քահանան իր եկեղեցւոյ մէջ սպաննելու...

Ժահժահ Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական  Ընտրութիւն Կատարելու

Ժահժահ Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Իր ազատ արձակումին 11-ամեակին առիթով, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու: Ժահժահ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը մէկդի դրուած է` աւելցնելով, որ իրենք ճիգ չեն խնայեր այդ իմաստով թափանցում մը կատարելու: «Հակառակ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Լիբանանի իրավիճակը շատ աւելի լաւ է: Սակայն ինչո՞ւ մենք հանրապետութեան նախագահ չունինք», հարց տուաւ Ժահժահ: Ժահժահ...

Նախկին Երեսփոխան Հասան Եաագուպ  Հասաւ Պըտնայէլ

Նախկին Երեսփոխան Հասան Եաագուպ Հասաւ Պըտնայէլ

Նախանցեալ օր ազատ արձակուած նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ երէկ ուղղուեցաւ իր ծննդավայրը` Պըտնայէլ, ուր դիմաւորուեցաւ գիւղաքաղաքի իմամ շէյխ Ատիպ Հայտարի եւ գիւղաքաղաքի հեղինակութիւններուն կողմէ: Եաագուպ գիւղաքաղաքին մուտքէն մինչեւ իր բնակարանը ուղղուեցաւ ժողովրդային ընդունելութեամբ մը: Գիւղաքաղաքին բնակիչները բրինձ տեղացուցին Եաագուպը ընդունելու ընթացքին եւ անոր վերադարձը ողջունող կարգախօսներ զետեղեցին ամէնուրեք:  

«Կը Զօրակցինք Պահրէյնցիներուն  Ընտրանքին»  Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

«Կը Զօրակցինք Պահրէյնցիներուն Ընտրանքին» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին Պահրէյնի ժողովուրդին ընտրանքին` խստիւ դատապարտելով Պահրէյնի կառավարիչին վայրագ վարուելակերպը, բռնարարքներն ու մզկիթները քանդելու եւ հոգեւորականները բանտարկելու արարքները: Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ այդ բոլոր արարքները մարդկային իրաւունքներուն դէմ են` հարց տալով, թէ արդեօք ինչո՞ւ աշխարհը կ՛անտեսէ այդ բոլորը, «իսկ Միացեալ Նահանգներ ո՞ւր կը գտնուին այս բոլորին առումով, արդեօք անոնք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 29 յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, պատկերասփռուած խօսք մը պիտի արտասանէ Դիմադրութեան պատասխանատուներէն Իսմայէլ Ահմետ Զահրիի նահատակութեան առիթով: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Դիմադրութեան...

Page 816 of 986 1 … 815 816 817 … 986

Արխիւներ