Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան չի կրնար հանդուրժել նախագահական թափուր աթոռի դրութեամբ գոյատեւելու իրականութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ Շորթըր շեշտեց, որ Բրիտանիա Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու իմաստով ոչ մէկ դերակատարութիւն ունի:
«Նախագահական ընտրութեան առումով Բրիտանիա այս կամ այն անձին թեկնածութեան համաձայնութիւն կամ մերժում չէ յայտնած, այլ հաստատած է, որ Լիբանան տկար երկիր է եւ անյապաղ նախագահական ընտրութիւնը անհրաժեշտութիւն է», ըսաւ ան:
Շորթըր յայտնեց, որ Լոնտոն պիտի շարունակէ շրջանային եւ միջազգային առումով իր խորհրդակցութիւնները` վերջ տալու համար Լիբանանի դիմագրաւած նախագահական թափուր աթոռի իրավիճակին` աւելցնելով սակայն, որ վերջին որոշումը պիտի ըլլայ զուտ լիբանանեան:
Անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ-ի գոյութեան` Շորթըր յայտնեց, որ ահաբեկչական այդ կազմակերպութիւնը բոլոր երկիրներուն մէջ ինքզինք կը կազմակերպէ: «Մենք բնականաբար մտահոգ ենք, որ անոր վտանգները կրնան հասնիլ Լիբանան, սակայն մենք վստահութիւն ունինք լիբանանեան ապահովական կառոյցին եւ անոր գործելակերպին նկատմամբ», յայտնեց ան:
Շորթըր շեշտեց նաեւ, որ կարելի չէ Հըզպալլան եւ Սուրիոյ պատերազմին անոր մասնակցութիւնը մեղադրել, եթէ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգը հասնի Լիբանան:
«Բայց եւ այնպէս Հըզպալլա իրաւունք չունի զէնք ունենալու, իսկ միջազգային օրէնքով ան իր զէնքերը պէտք է յանձնէ պետութեան: Ամէն պարագայի, մեր եւ Հըզպալլայի միջեւ ոչ մէկ յարաբերութիւն կայ», շեշտեց բրիտանացի դեսպանը:
Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Շորթըր յայտնեց, որ Բրիտանիա գաղթականներուն օժանդակելու նպատակով նիւթական յաւելեալ աջակցութիւն կ՛ընձեռէ Լիբանանին: «Պէտք է շեշտել, որ Բրիտանիա բնաւ չէ պահանջած Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն բնակեցումը, այլ` կը սպասէ անոնց տունդարձի յարմարագոյն ժամանակին», ըսաւ ան: