Մեհրապի Մէջ. «Կը Մաղթենք Յանգիլ Արմատական Լուծումի Մը, Որուն Հիման Վրայ Կարելի Կը Դառնայ Զօր. Աունը Ընտրել Նախագահ» Շեշտեց Ապու Սաապ
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ապու Սաապ շեշտեց լիբանանեան ազգային իսկական գործակցութեան կարեւորութիւնը եւ այն իրականութիւնը, որ կարելի չէ քաղաքական ուժ մը ջնջել: «Լիբանանի մէջ բոլորը ունին այն համոզումը, թէ իրենք միասին պիտի ապրին: Կը մաղթենք յանգիլ...



















