Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուաքշոթի Մէջ. «Լիբանան Միայն Լիբանանցիներուն Համար Վերջնական Հայրենիք Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

July 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_arab_league_summit_72516

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ  Մաւրիտանիոյ մէջ մասնակցեցաւ Արաբական լիկայի 27-րդ վեհաժողովին, որուն ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը:

Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ տիրող վտանգաւոր այս ժամանակաշրջանին, երբ ապահովական վտանգները կը սպառնան բոլորին, Լիբանան կը հաստատէ, որ ինք գաղթականներու բնակեցման երկիր չէ, այլ` միայն լիբանանցիներուն վերջնական հայրենիքը:

Ան նշեց, որ արաբական աշխարհին մեծագոյն աղէտը Սուրիան է, որ իր հրդեհին մէջ ներքաշած է նաեւ Լիբանանը` անոր հագցնելով աւելի քան մէկուկէս միլիոն գաղթականի վերարկուն:

«Աւելի քան մէկուկէս միլիոն գաղթական կայ փոքր երկրի մը մէջ, ուր կարելիութիւնները սահմանափակ են, եւ որուն սահմանները փակուած են ու առեւտուրը կասեցուած` պատերազմին պատճառով», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ առաջարկեց կազմել արաբական խորհուրդ մը, որ աշխատի սուրիացի գաղթականները Սուրիոյ ապահով շրջաններուն մէջ բնակեցնելու պատկերացումին բիւրեղացման վրայ, ինչպէս նաեւ ջանք թափէ համոզելու միջազգային ընտանիքը այս քայլին ճշգրտութեամբ:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան արաբական ֆոնտի մը ստեղծումին` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն կեցութիւնը ժամանակաւոր է:

Վարչապետ Սալամ նշեց, որ քաղաքական ծանր տագնապ մը դիմագրաւող Լիբանանը երկու տարուան նախագահական թափուր աթոռով ահաբեկչութեան ալիքին վտանգներուն ենթակայ կը մնայ: Ան ըսաւ, որ ահաբեկչութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ վերածուած է գոյութենական պայքարի, «հետեւաբար պէտք է բոլոր կարողութիւնները զինուորագրել եւ ի սպաս դնել անոր դէմ կռուելու` փրկելու համար ապահովական կայունութիւնն ու ապագան», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան կը վստահի արաբական աշխարհին եւ արաբական ընտանիքին, որ մնայուն կերպով իր հովանին եղած է եւ նեցուկ կանգնած իրեն: «Մենք յանձնառու կը մնանք նաեւ արաբական շահերուն, եւ բնաւ չէզոք չենք նկատուիր արաբ ժողովուրդին անվտանգութեան առումով, ինչպէս նաեւ կը մերժենք Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին աշխատանքներուն մէջ կատարուած միջամտութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան վարժ է իր արաբ եղբայրներուն ցուցաբերած հասկցող կեցուածքին, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անոնց յորդորին:

Վարչապետ Սալամ մաղթեց, որ խաղաղութիւն տիրէ պաղեստինեան հողերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի, Եմէնի, Լիպիոյ եւ արաբական իւրաքանչիւր երկրի մէջ, ուր մայրերը արցունք կը թափեն եւ երեխաներու սիրտերը վախով կը թողան:

Նուաքշոթի մէջ վարչապետ Սալամ հանդիպումներ ունեցաւ Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Յորդանանի վարչապետ Հանի Մուլքիի հետ:

Նախորդը

Ֆրենժիէ Այցելեց Տիման

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահութեան Թեկնածուները Արտայայտուած Դիրքորոշում Ունին Հայկական Հարցերու Վերաբերեալ

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.