Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ երեկոյեան ուղղուեցաւ Տիման, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը:
Սլէյման Ֆրենժիէ Տիմանէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: