Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ Պեքաայի բնակիչներուն համար ամէն ծառայութիւն պէտք է մատուցել եւ անոնց կարիքները հոգալ, որպէսզի անոնք կարենան տոկալ ահաբեկչութեան դէմ: Զաայթեր կոչ ուղղեց աշխուժացնելու կառավարութեան աշխատանքները:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Խորխէ Ժերալտօ Քատիրիի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան շեշտեց, որ ահաբեկչութեան եւ բռնագրաւումին դէմ Լիբանանի դիրքերուն ամրապնդումը ազգային առաջնահերթութիւն է:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի վերահաստատեց իր մերժումը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան` նշելով, որ անոնք մաս կը կազմեն Հըզպալլայի ծրագիրին եւ կը հետեւին անոր ուղեգիծին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իրենք լաւ գիտեն իրենց նպատակները, ինչպէս նաեւ այդ նպատակները իրագործելու ուղիները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է օժանդակեն բանակին` անոր համար արդիական զէնքեր գնելով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ եթէ Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռամիասնութիւնը ձախողի, ապա Լիբանանի մէջ մտահոգութիւնները յաւելեալ թափ կը ստանան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է ազատէ Արսալը, որ կը գտնուի ահաբեկչական խմբաւորումներուն հակակշիռին տակ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ընտրութիւնը Լիբանանի համար վնասակար պիտի ըլլայ, հետեւաբար ինք երբեք զօր. Աունի ի նպաստ պիտի չքուէարկէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած վատ վերաբերումը` պարզապէս Հըզպալլայի գոյութեան պատճառով, մերժելի է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ պետական ամավարկի ներկայացման դրութիւնը մերժողն ու խանգարողը նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Լիբանանն ու արաբական աշխարհը ներկայիս դժուար պայմաններ կը դիմագրաւեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ իրենք կը շարունակեն զօրակցիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարելի է ճշդել միայն ժողովրդավարութեամբ եւ ոչ թէ նախագահական ընտրութեան նիստերը խոչընդոտելով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաամէ Թոհմէ շեշտեց, որ իրենք համաձայն են նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը մնայ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան զօրակցելու կեցուածքին վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմին մասնակցող արաբները կը ծառայեն Իսրայէլի:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ եթէ 2, 3 եւ 4 օգոստոսին գումարուելիք երկխօսութեան նիստերը յաջողին, ապա կարելի է հանրապետութեան նախագահ ընտրել: Ան աւելցուց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան համաձայն գտնուելու փոխարէն պահանջած է 6 տարուան համար վարչապետ մնալ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական ուժերը պիտի երկարաձգեն բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը, հակառակ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդդիմութեան:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատ` հանդիպելէ ետք հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ, շեշտեց ընտրական արդար օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայան մուտք գործելու համար բանակը քաղաքական որոշումի կարիք ունի:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Ահմետ Ասիրի հետեւորդները յառաջիկայ օրերուն անձնատուր պիտի ըլլան լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անոնց մեծ մասը Թաամիր – Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ կը գտնուի:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Ահմետ Ասիրի մեծաթիւ հետեւորդներ կը փափաքին անձնատուր դառնալ, սակայն ծայրայեղականներ կ՛արգիլեն զանոնք այդ քայլին դիմելէ:

ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, յառաջիկայ ամսուան ընթացքին աշխատավարձի թղթածրարը հրատապ քննարկումի նիւթ պիտի դառնայ` աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընի միջեւ:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Մօտ Օրէն Եւրոպական Միութեան Անդամ Դառնալու Իրավիճակի Մը Մէջ Չէ» Կ՛ըսէ Եունքեր

Յաջորդը

«Կը Մերժեմ Այն Կեցուածքը, Թէ Նախագահական Թափուր Աթոռը Զօր. Աունը Ընտրելէն Լաւ Է» Շեշտեց Սամիր Ժսըր

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?