
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ սկսած յեղաշրջումը Թուրքիոյ նկատմամբ դաւաճանութիւն էր եւ երկրին տիրելու փորձ մը: Ան նշեց, որ թուրքերը` անսալով նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կոչին, ուղղուած էին փողոց եւ քանի մը ժամուան ընթացքին ձախողեցուցած յեղաշրջումի այդ փորձը, ամբողջ աշխարհին փաստելու համար, որ իրենք ժողովրդավարութեան կը զօրակցին:
Էրճիյէշ շեշտեց, որ Ֆեթհուլլա Կիւլեն կը ղեկավարէ ժողովրդավարութիւն խորհրդանշող Թուրքիան հարուածելու համաշխարհային ցանց մը, սակայն յեղաշրջումը ձախողած է` բացայայտելով Կիւլենի իսկական նպատակները:
Ան նշեց, որ յեղաշրջումի փորձին վերաբերեալ հետաքննութիւնը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ ինք այդ հարցին վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները փոխանցած է վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Էրճիյէշ յայտնեց, որ Թուրքիա սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ իր բոլոր յանձնառութիւնները պիտի ստանձնէ, իսկ Լիբանանի հետ իր ունեցած բոլոր ծրագիրներուն գործադրութիւնը պիտի շարունակէ:


