Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի յայտնեց, որ լիբանանցի եւ սուրիացի ահաբեկիչներէ կազմուած խմբակներ ճշդած են սպանութեան թիրախ եղող անձնաւորութիւններու յստակ անուանացանկ մը եւ ըստ այնմ կը գործեն իրենց ոճիրները:
«Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն պարտականութիւնն է ճշդել ահաբեկչական այդ խմբակները, որոնք Արսալի բնակիչները եւ անոնց հիւրընկալած սուրիացի գաղթականները թիրախ կը դարձնեն», ըսաւ Հուժէյրի:
Ան խստիւ դատապարտեց այն յայտարարութիւնները, թէ քաղաքապետարանը պէտք է ստանձնէ Արսալի ապահովական պատասխանատուութիւնը` աւելցնելով, որ վերջերս ինք հանդիպում մը ունեցած է լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ անոր հետ համաձայնած Արսալի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու մասին:
«Արսալի ապահովութիւնը պաշտպանելու մեքանիզմը ստանձնեց բանակի հրամանատարութիւնը: Մեր պահանջածը այն է, որ մարդիկ ապահով ապրին», շեշտեց Հուժէյրի:
Ան աւելցուց, որ «եթէ ապահովական կառոյցները իրենց պարտականութիւնները չստանձնեն, ապա պիտի չուշանանք յայտարարելու, թէ ո՛չ միայն Արսալի քաղաքապետարանի ոստիկանութիւնը, այլեւ Արսալի բոլոր երիտասարդները պատրաստ են պաշտպանելու շրջանը»: Հուժէյրի մաղթեց, որ պետութիւնը կը կատարէ իր պարտականութիւնը եւ կարիք չի մնար նման քայլերու դիմելու:
Հուժէյրի նշեց, որ վերջերս Արսալի թաղապետ Մոհամատ Ալուլին մահափորձի ենթարկելը ազգային միասնականութիւնը հարուածելու փորձ մըն էր, եւ կոչ ուղղեց Արսալի բնակիչներուն ամրապնդելու իրենց միասնականութիւնը:
«Բոլորին շահերուն համար կը խնդրենք սուրիացի մեր եղբայրներէն երեկոյեան ժամը 10:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 7:00 չշրջագայիլ Արսալի մէջ, սկսեալ երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-էն», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, գրած է, թէ Պասել Հուժէյրիի անունը եւս նշուած է սպանութեան թիրախ նկատուող անձնաւորութիւններուն շարքին:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, Արսալի մէջ բուռն ընդվզում կայ` նկատի ունենալով, որ անիկա մնայուն կերպով ենթակայ է ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն սադրանքներուն: