Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ պաղեստինեան հարցին լուծումը կ՛արտօնէ, որ շրջանին մէջ շարք մը հարցեր վերանան:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ պետական ամավարկի պատրաստութիւնը երկրին համար աւելի քան անհրաժեշտութիւն կը նկատուի:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ առանց սուր բանավէճի անցած իւրաքանչիւր կառավարութեան նիստ պէտք է նկատել նուաճում մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան խստիւ դատապարտեց Միւնիխի դէմ գործուած յարձակումը` հաստատելով, որ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելու գործողութիւնը կը սկսի Սուրիայէն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կը պնդէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պէտք է խորհրդակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ, որպէսզի անոնք արգիլեն Հըզպալլայի կողմէ նախագահական ընտրութեան արգելակումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախագահական ընտրութեան ամէնէն լուրջ թեկնածուն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ շրջանը պառակտելու յստակ ծրագիր մը կայ եւ պէտք է զգուշանալ անկէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց մեծամտութեան ու գոռոզութեան քաղաքականութեան վերջ տալու եւ կեդրոնանալու երկրին համար առաջնահերթ նկատուող հարցերուն լուծման վրայ:

ԱՆԾԱՆՕԹ աղբիւրներու համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրոյին յայտնած է, թէ նախագահական ընտրութեան առումով ինք պատրաստ է հրաժարելու իր թեկնածութենէն` ի նպաստ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Ղպելէ եւ Շահթուլ գիւղաքաղաքներու բնակիչներուն պատուիրակութիւնները, որոնց հետ քննարկեց այդ շրջաններուն կարիքներն ու համապատասխան բարգաւաճման ծրագիրները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ իրենք տակաւին կը զօրակցին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ ընդգծեց, որ իրենք նեցուկ կը կանգնին պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր Դիմադրութեան:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու (Մուրապիթուն) շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ Եւրոպայի մէջ ահաբեկչութիւնը սկիզբ առած է եւ այդ իրավիճակը մնայուն կերպով պիտի շարունակուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ եթէ օգոստոսին կատարուելիք երկխօսութեան ընթացքին լրջութիւն շօշափեն, ապա իրենք պիտի ըլլան առաջինները, որոնք այդ երկխօսութիւնը կ՛ողջունեն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հայրենասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր պատուաբեր անցեալը զայն կը դարձնեն նախագահական ընտրութեան լաւագոյն թեկնածուն:

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Զաութարի քաղաքապետ Հասան Իզէտտին կոչ ուղղեց Լիթանի գետը ապականումէ մաքրելու նպատակով ազգային ծրագիր մը մշակելու:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Պաապտա չի կրնար հասնիլ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի համաձայնութեամբ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները հաստատած են, որ կառավարութենէն պիտի չհրաժարին, եթէ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Պըրրի կը մաղթէ Լիբանանը փոխադրել աւելի պայծառ պայմաններ վայելող փուլ մը:

 

Նախորդը

Սուրիացի Տեղահանուած Մը Յարձակում Գործեց Շթութկարթի Մէջ

Յաջորդը

Հըզպալլա Դատապարտեց Քապուլը Թիրախ Դարձուցած Ահաբեկչութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?