
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ տիրող կացութիւնը այսօր չէ որ ստեղծուած է, այլ տասնեակ տարիներէ ի վեր:
«Գաղթակայանին մէջ պատահածը աւանդական շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել, այն իմաստով, որ գաղթակայանը ապրած է Ժունտ Շամի հանգրուան, ապա Ֆաթհ Իսլամ, հասնելով մինչեւ ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա: Սակայն այսօրուան դրութեամբ Այն Հելուէի մէջ տիրող կացութիւնը կարելի է հակակշիռի տակ պահել, պայմանով որ գաղթակայանը եւ անոր առօրեան հեռու մնան լուսարձակներէ եւ տեղեկատուական միջոցներէ», ըսաւ Իպրահիմ:
Այն Հելուէի մէջ տիրող աղքատութիւնը, անգործութիւնը, զրկանքն ու տգիտութիւնը զայն վերածած են այնպիսի վայրի մը, ուր նման արմատական շարժումներ բոյն կը դնեն, այնպէս ինչպէս էր պարագան պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին մէջ: «Սակայն Այն Հելուէի մէջ կացութիւնը պիտի մնայ հակակշռուած», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ պաղեստինեան միացեալ ուժերու պատասխանատու Մունիր Մաքտահ հաստատեց, որ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ այս կամ այն զինեալ խմբակին յատուկ ապահովական խարիսխներ գոյութիւն չունին:


