Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Մաւրիտանիա` Մասնակցելու Համար Արաբական Լիկայի 27-րդ Վեհաժողովին

Յուլիս 25, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_72416

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ուղղուեցաւ Մաւրիտանիա, ուր պիտի մասնակցի Արաբական լիկայի 27-րդ վեհաժողովին:

Գիշերելէ ետք Մարոքի մէջ, վարչապետ Սալամ պիտի ուղղուի Նուաքշոթ, ուր վեհաժողովը իր աշխատանքներուն կը սկսի այսօր:

Վարչապետ Սալամի ընկերակցեցաւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս:

Մաւրիտանիա մեկնելու ընթացքին, վարչապետ Սալամ պատասխանեց լրագրողներէն մէկուն հարցումին, որ կը վերաբերէր վեհաժողովին քննարկելիք թղթածրարներուն. ան ըսաւ. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ յարաբերութիւնները յստակ են եւ հեզասահ, իսկ Հըզպալլայի թղթածրարը քննարկելու պարագային մենք պիտի շեշտենք, որ ան երկիրը բաղկացնող հիմնական շերտերէն է, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մաս կը կազմէ», հաստատեց Սալամ:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց նաեւ արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի եղբայրական յարաբերութիւններուն յանձնառու մնալու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոնք բնաւ չեն զլացած նեցուկ կանգնելու եւ օժանդակելու Լիբանանին` նիւթական եւ տնտեսական առումով:

Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան գաղթականները հիւրընկալող երկիր է եւ ոչ թէ գաղթականներու բնակեցման երկիր:

Վստահելի աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Սալամ իր արտասանելիք խօսքին մէջ կեդրոնանայ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին վրայ:

Միւս կողմէ, Միւնիխի մէջ քաղաքայիններու դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումին առիթով, վարչապետ Սալամ ցաւակցական հեռագիր մը յղեց գերմանացի իր պաշտօնակիցին` Անկելա Մերքելի:

Նախորդը

Արայայի Մէջ. «Լիբանանեան Քաղաքական Շրջանակները Պատասխանատու Են Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պաքուին Զէնքի Հաւանական Նոր Առաքումները Մեկնաբանելու «Հիմքեր Չի Տեսներ»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?