Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կ՛ընդգծեն Քաղաքական Ուժերուն Միջեւ Խորհրդակցութիւնները Շարունակելու Կարեւորութիւնը

October 21, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hizballa_future

Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան 35-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ներկաները քննարկած են երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները եւ ընդգծած իրենց յանձնառութիւնը` լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ազգային համախոհական համաձայնութիւններ գոյացնել:

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Ընթացիկ Նիստ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ երկրին մէջ արձանագրուած քաղաքական շարժումներուն շնորհիւ նախագահական աթոռի թափուր դրութեան կրնայ վերջ մը դրուիլ եւ երկրին սահմանադրութեան ու Ազգային ուխտին հիման վրայ նախագահական ընտրութիւն կատարուիլ:

Ֆատլալլա ընդգծեց, որ այսօր աւելի քան երբեք քաղաքական ուժերը իրարու միջեւ պէտք է փոխըմբռնում գոյացնեն: Ան դրուատեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին գումարումը, յատկապէս Լիթանի գետի ապականումին վերջ տալու որոշումը:

Ֆատլալլա ընդգծեց, որ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ անկարելի է խտրութեամբ պայքարիլ, ինչպէս է պարագան ամերիկեան վարչակազմին:

«Միայն Մուսուլի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքար մղելը անբաւարար է, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելը ամբողջ մարդկութեան պարտականութիւնն է», ըսաւ ան:

Նախորդը

«Լիբանանի Համար Աուն Պատմական Առիթ Է, Եւ Անոր Զօրակցելու Մեր Սկզբունքէն Անշեղ Կը Մնանք» Շեշտեց Ֆայսալ Քարամէ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Գումարեց Արդիւնաւէտ Նիստ Մը` Վաւերացնելով 160 Կէտեր

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.